Luke 24:49 Cross References - Armenian

49 Եւ ահա՛ ես կը ղրկեմ ձեր վրայ իմ Հօրս խոստումը. բայց դուք կեցէ՛ք Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, մինչեւ որ բարձրէն ղրկուած զօրութիւն հագնիք»:

John 14:16-17

16 Ես ալ պիտի թախանձեմ Հօրը, եւ ուրիշ Մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան բնակի ձեզի հետ.-17 Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, որովհետեւ չի տեսներ զայն ու չի ճանչնար զայն. բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ կը բնակի ձեր քով եւ պիտի ըլլայ ձեր մէջ:

John 14:26

26 Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա՛ պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէնը, եւ ինչ որ ըսի ձեզի՝ պիտի յիշեցնէ ձեզի:

John 15:26

26 Բայց երբ Մխիթարիչը գայ՝ որ ես Հօրմէն պիտի ղրկեմ ձեզի, Ճշմարտութեան Հոգին՝ որ կը բխի Հօրմէն, անիկա՛ պիտի վկայէ իմ մասիս:

John 16:7-16

7 Սակայն ես ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի. “Աւելի օգտակար է ձեզի՝ եթէ ես երթամ”: Որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը չի գար ձեզի. իսկ եթէ մեկնիմ՝ զինք պիտի ղրկեմ ձեզի:8 Ու երբ ինք գայ՝ պիտի կշտամբէ աշխարհը մեղքի համար, արդարութեան համար ու դատաստանի համար:9 Մեղքի համար՝ քանի որ չեն հաւատար ինծի.10 արդարութեան համար՝ որովհետեւ ես կ՚երթամ իմ Հօրս քով, եւ ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս.11 դատաստանի համար՝ քանի որ այս աշխարհի իշխանը դատուած է:12 Տակաւին շատ բաներ ունիմ՝ ձեզի ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար հանդուրժել:13 Իսկ երբ ինք՝ Ճշմարտութեան Հոգին գայ, ամբո՛ղջ ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ. որովհետեւ պիտի չխօսի ինքնիրմէ, հապա ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի ըսէ, ու գալիքները պիտի հաղորդէ ձեզի:14 Ինք պիտի փառաւորէ զիս, որովհետեւ պիտի ստանայ իմինէս ու հաղորդէ ձեզի:15 Ամէն ինչ որ Հայրը ունի՝ ի՛մս է. ուստի ըսի ձեզի թէ պիտի առնէ իմինէս ու հաղորդէ ձեզի»:16 «Քիչ մը ատենէն՝ ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. եւ քիչ մը ատենէն՝ դարձեալ պիտի տեսնէք զիս, քանի որ ես կ՚երթամ Հօրը քով»:

Acts 1:4

4 Անոնց հետ եղած ատեն հրամայեց անոնց՝ որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին՝ «որ ինձմէ լսեցիք», ըսաւ.

Acts 1:8

8 բայց Սուրբ Հոգիին ձեր վրայ եկած ատենը՝ զօրութիւն պիտի ստանաք, եւ ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ երկրի ծայրերը»:

Acts 2:1-21

1 Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ մէկ տեղ էին:2 Յանկարծ շառաչ մը եղաւ երկինքէն՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս, ու լեցուց ամբողջ տունը՝ ուր նստած էին:3 Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ, ու հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ:4 Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար:5 Երուսաղէմ բնակող Հրեաներ կային, բարեպաշտ մարդիկ՝ երկինքի տակ եղած ամէն ազգէ:6 Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը համախմբուեցաւ ու շփոթեցաւ, որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին իրենցմէ իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով:7 Բոլորն ալ զմայլած էին եւ կը զարմանային՝ իրարու ըսելով. «Ահա՛ ասոնք բոլորն ալ՝ որ կը խօսին, միթէ Գալիլեացի չե՞ն:8 Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք՝ մեր իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով, այն երկրին՝ որուն մէջ ծնած ենք.9 Պարթեւներ, Մարեր ու Եղամացիներ, եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետքի, Հրէաստանի, Կապադովկիայի, Պոնտոսի, Ասիայի,10 Փռիւգիայի, Պամփիւլիայի ու Եգիպտոսի մէջ, եւ Կիւրենէի մօտ՝ Լիպիայի կողմերը, նաեւ Հռոմէն գաղթած Հրեաներ ու նորահաւատներ,11 Կրետացիներ եւ Արաբներ, կը լսենք թէ անոնք կը խօսին Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին՝ մե՛ր լեզուներով»:12 Բոլորն ալ զմայլած էին, ու տարակուսած՝ կ՚ըսէին իրարու. «Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ասիկա»:13 Ոմանք ալ ծաղրելով կ՚ըսէին. «Անոնք լի են անոյշ գինիով»:14 Բայց Պետրոս կանգնեցաւ տասնմէկին հետ, բարձրացուց ձայնը եւ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ Հրէաստանցիներ, ու դուք բոլորդ՝ որ կը բնակիք Երուսաղէմ, սա՛ գիտցէ՛ք եւ մտի՛կ ըրէք իմ խօսքերս.15 որովհետեւ ասոնք ո՛չ թէ արբեցած են՝ ինչպէս դուք կ՚ենթադրէք, քանի դեռ օրուան երրորդ ժամն՝՝ է,16 հապա ասիկա ա՛յն է՝ որ ըսուեցաւ Յովէլ մարգարէին միջոցով.17 “Վերջին օրերը,- կ՚ըսէ Աստուած,- իմ Հոգիէս պիտի թափեմ ամէն մարմինի վրայ, եւ ձեր որդիներն ու աղջիկները պիտի մարգարէանան, ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն, ու ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն:18 Իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ ալ այդ օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ, ու պիտի մարգարէանան:19 Վերը՝ երկինքը՝ սքանչելիքներ ցոյց պիտի տամ, եւ վարը՝ երկիրը՝ նշաններ, արիւն, կրակ ու ծուխի մառախուղ.20 արեւը պիտի փոխուի խաւարի, եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջ մեծ ու երեւելի օրը չեկած:21 Եւ ո՛վ որ կանչէ Տէրոջ անունը՝ պիտի փրկուի”:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.