John 21:22 Cross References - Armenian

22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ ես ուզեմ, որ ան մնայ՝ մինչեւ որ գամ, քու ի՞նչ հոգդ է. դուն հետեւէ՛ ինծի»:

Matthew 16:27-28

27 Որովհետեւ մարդու Որդին պիտի գայ իր Հօր փառքով՝ իր հրեշտակներուն հետ, եւ այն ատեն պիտի հատուցանէ իւրաքանչիւրին՝ իր գործերուն համեմատ:28 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Հոս ներկայ եղողներէն կան ոմանք՝ որ մահ պիտի չհամտեսեն, մինչեւ որ տեսնեն մարդու Որդին՝ եկած իր թագաւորութեամբ”»:

Matthew 24:3

3 Ու երբ ան նստած էր Ձիթենիներու լեռը, աշակերտները գացին իրեն՝ առանձին, եւ ըսին. «Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլայ ատիկա, ու ի՞նչ պիտի ըլլայ նշանը քու գալուստիդ եւ աշխարհի վախճանին»:

Matthew 24:27

27 Քանի որ ինչպէս փայլակը կ՚ելլէ արեւելքէն ու կ՚երեւնայ մինչեւ արեւմուտք, ա՛յնպէս պիտի ըլլայ մարդու Որդիին գալուստը:

Matthew 24:44

44 Ուստի դո՛ւք ալ պատրա՛ստ կեցէք, որովհետեւ մարդու Որդին պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք ակնկալեր»:

Matthew 25:31

31 «Երբ մարդու Որդին գայ իր փառքով՝ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն պիտի բազմի իր փառքի գահին վրայ:

Mark 9:1

1 Վեց օր ետք՝ Յիսուս առաւ իրեն հետ Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, հանեց զանոնք բարձր լեռ մը՝ առանձին, եւ այլակերպեցաւ անոնց առջեւ:

John 21:19

19 Ասիկա խօսեցաւ՝ մատնանշելով թէ ան ի՛նչ մահով պիտի փառաւորէր Աստուած: Երբ խօսեցաւ ասիկա՝ ըսաւ անոր. «Հետեւէ՛ ինծի»:

1 Corinthians 4:5

5 Հետեւաբար ատենէն առաջ մի՛ դատէք՝ մինչեւ որ Տէրը գայ. ի՛նք պիտի լուսաւորէ խաւարին գաղտնիքը ու երեւան պիտի հանէ սիրտերուն ծրագիրները, եւ ա՛յն ատեն իւրաքանչիւրը գովեստ պիտի ունենայ Աստուծմէ:

1 Corinthians 11:26

26 Որովհետեւ քանի անգամ որ ուտէք այս հացը եւ խմէք այս բաժակը, Տէրոջ մահը կը պատմէք՝ մինչեւ որ ինք գայ»:

James 5:7

7 Ուրեմն համբերատա՛ր եղէք, եղբայրնե՛ր, մինչեւ Տէրոջ գալուստը: Ահա՛ մշակը կը սպասէ երկրի պատուական պտուղին՝ համբերատար ըլլալով անոր համար, մինչեւ որ ստանայ առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը:

Revelation 1:7

7 Ահա՛ ամպերով կու գայ, եւ ամէն աչք պիտի տեսնէ զայն. նաեւ անոնք՝ որ խոցեցին զայն: Երկրի բոլոր տոհմերը պիտի հեծեծեն անոր վրայ: Այո՛. ամէն:

Revelation 2:25

25 հապա ամո՛ւր բռնեցէք ինչ որ ունիք՝ մինչեւ որ գամ:

Revelation 3:11

11 Ահա՛ շուտո՛վ կու գամ: Ամո՛ւր բռնէ ունեցածդ, որպէսզի ո՛չ մէկը առնէ քու պսակդ:

Revelation 22:7

7 «Ահա՛ շուտո՛վ կու գամ: Երանի՜ անոր՝ որ կը պահէ այս գիրքին մարգարէութեան խօսքերը»:

Revelation 22:20

20 Այս բաները վկայողը կ՚ըսէ. «Այո՛, շուտո՛վ կու գամ»: Ամէ՛ն. եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.