John 18:4 Cross References - Armenian

4 Իսկ Յիսուս, գիտնալով իրեն պատահելիք բոլոր բաները, գնաց եւ ըսաւ անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»:

Matthew 16:21

21 Այդ ատենէն ետք Յիսուս ցոյց տուաւ իր աշակերտներուն թէ պէտք էր որ երթար Երուսաղէմ, շատ չարչարանքներ կրէր երէցներէն, քահանայապետներէն եւ դպիրներէն, սպաննուէր ու յարութիւն առնէր երրորդ օրը:

Matthew 17:22-23

22 ու պիտի սպաննեն զինք. բայց յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»: Անոնք ալ չափազանց տրտմեցան:23 Երբ անոնք եկան Կափառնայում, երկդրամեան տուրքը գանձողները եկան Պետրոսի եւ ըսին. «Ձեր վարդապետը չի՞ վճարեր երկդրամեանը»: Ան ալ ըսաւ. «Այո՛, կը վճարէ»:

Matthew 20:18-19

18 «Ահա՛ կը բարձրանանք Երուսաղէմ, ու մարդու Որդին պիտի մատնուի քահանայապետներուն եւ դպիրներուն, ու մահուան պիտի դատապարտեն զինք.19 հեթանոսներուն պիտի մատնեն զինք՝ որ ծաղրուի, խարազանուի եւ խաչուի. բայց յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»:

Matthew 26:2

2 «Գիտէք թէ երկու օր ետք՝ Զատիկ պիտի ըլլայ, ու մարդու Որդին պիտի մատնուի՝ խաչուելու համար»:

Matthew 26:21

21 Մինչ կ՚ուտէին՝ ըսաւ. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս»:

Matthew 26:31

31 Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք բոլորդ պիտի գայթակղիք այս գիշեր իմ պատճառովս, որովհետեւ գրուած է. “Հովիւը պիտի զարնեմ, ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին”:

Mark 10:33-34

33 «Ահա՛ Երուսաղէմ կը բարձրանանք, եւ մարդու Որդին պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն. մահուան պիտի դատապարտեն զայն, հեթանոսներուն պիտի մատնեն զայն,34 պիտի ծաղրեն ու խարազանեն զայն, պիտի թքնեն անոր վրայ եւ սպաննեն զայն. բայց յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»:

Luke 18:31-33

31 Տասներկուքը իր քով առնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ահա՛ մենք Երուսաղէմ կը բարձրանանք, ու մարգարէներուն միջոցով մարդու Որդիին մասին բոլոր գրուածները պիտի կատարուին:32 Որովհետեւ հեթանոսներուն պիտի մատնուի եւ պիտի ծաղրուի, պիտի նախատուի ու պիտի թքնեն անոր վրայ,33 պիտի խարազանեն եւ սպաննեն զայն. ու յարութիւն պիտի առնէ երրորդ օրը»:

Luke 24:6-7

6 Ան հոս չէ, հապա յարութիւն առաւ. յիշեցէ՛ք թէ ի՛նչպէս խօսեցաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլեայի մէջ էր, ըսելով.7 “Մարդու Որդին պէտք է որ մատնուի մեղաւոր մարդոց ձեռքը, խաչուի, եւ յարութիւն առնէ երրորդ օրը”»:

Luke 24:44

44 եւ ըսաւ անոնց. «Ահա՛ւասիկ այն խօսքերը՝ որ ըսի ձեզի, երբ դեռ ձեզի հետ էի. “Պէտք է որ իրագործուին բոլոր բաները՝ որոնք գրուած են իմ մասիս Մովսէսի Օրէնքին մէջ, Մարգարէներուն մէջ եւ Սաղմոսներուն մէջ”»:

John 6:64

64 Հոգի՛ն է կեանք տուողը. մարմինը օգո՛ւտ մը չունի: Այն խօսքերը որ կ՚ըսեմ ձեզի՝ Հոգի ու կեանք են:

John 10:17-18

17 Իմ Հայրս կը սիրէ զիս՝ քանի որ ես իմ անձս կ՚ընծայեմ, որպէսզի դարձեալ առնեմ զայն:18 Ո՛չ մէկը կ՚առնէ զայն ինձմէ, հապա ե՛ս ինձմէ կ՚ընծայեմ զայն: Իշխանութիւն ունիմ ընծայելու զայն, եւ իշխանութիւն ունիմ դարձեալ առնելու զայն. այս պատուէրը ստացայ իմ Հօրմէս»:

John 13:1

1 Զատիկի տօնէն առաջ՝ Յիսուս, գիտնալով թէ իր ժամը հասած է՝ որ մեկնի այս աշխարհէն Հօրը քով, սիրած ըլլալով իրենները՝ որոնք աշխարհի մէջ էին, սիրեց զանոնք մինչեւ վախճանը:

John 13:11

11 Արդարեւ գիտէր թէ ո՛վ պիտի մատնէր զինք: Ուստի ըսաւ. «Բոլորդ մաքուր չէք»:

John 18:7

7 Ուստի դարձեալ հարցուց անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»: Անոնք ալ ըսին. «Նազովրեցի Յիսուսը»:

John 19:28

28 Անկէ ետք՝ Յիսուս, գիտնալով թէ արդէն ամէն բան կատարուած է, (որպէսզի գրուածը ամբողջանայ,) ըսաւ. «Ծարա՛ւ եմ»:

Acts 2:28

28 Կեանքի ճամբաները գիտցուցիր ինծի. քու երեսիդ ուրախութեամբ պիտի լեցնես զիս”:

Acts 4:24-28

24 Անոնք ալ, երբ լսեցին, միաբանութեամբ իրենց ձայնը բարձրացուցին Աստուծոյ՝ ըսելով. «Տէ՛ր, դո՛ւն ես այն Աստուածը՝ որ ստեղծեցիր երկինքն ու երկիրը, ծովը եւ բոլոր անոնց մէջ եղածները,25 որ ըսիր քու ծառայիդ՝ Դաւիթի բերանով. “Ինչո՞ւ հեթանոսները մոլեգնեցան ու ժողովուրդները ունայն բաներ խոկացին.26 երկրի թագաւորները իրարու քով կայնեցան ու պետերը հաւաքուեցան՝ Տէրոջ դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ”:27 Որովհետեւ ճշմարտապէս (այս քաղաքին մէջ) հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի դէմ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս ու Պոնտացի Պիղատոս, հեթանոսներուն հետ եւ Իսրայէլի ժողովուրդին հետ,28 ընելու այն՝ ինչ որ քու ձեռքդ ու ծրագիրդ նախապէս որոշած էին՝ որ կատարուին:

Acts 20:22-23

22 Եւ հիմա ահա՛ կ՚երթամ Երուսաղէմ՝ հոգիով կապուած, ու չեմ գիտեր թէ հոն ի՛նչ պիտի պատահի ինծի.23 սակայն Սուրբ Հոգին կը վկայէ ամէն քաղաքի մէջ, եւ կ՚ըսէ թէ կապեր ու տառապանքներ կը սպասեն ինծի:

1 Peter 4:1

1 Ուրեմն, քանի որ Քրիստոս չարչարուեցաւ մեզի համար՝ մարմինով, դո՛ւք ալ զինուեցէք նոյն մտադրութեամբ: Որովհետեւ ա՛ն որ չարչարուած է մարմինով՝ դադրած է մեղանչելէ,

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.