Galatians 1:23 Cross References - Armenian

23 անոնք միայն լսած էին թէ “ա՛ն որ ժամանակին կը հալածէր մեզ, հիմա կ՚աւետէ այն հաւատքը՝ որ ատենօք կը տապալէր”,

Acts 6:7

7 Եւ Աստուծոյ խօսքը կ՚աճէր, աշակերտներուն թիւը չափազանց կը շատնար Երուսաղէմի մէջ, ու քահանաներէն մեծ բազմութիւն մը կը հնազանդէր նոր հաւատքին:

Acts 9:13

13 Անանիա ալ պատասխանեց. «Տէ՛ր, շատերէ լսեցի այդ մարդուն մասին թէ ո՛րչափ չարիք ըրաւ քու սուրբերուդ՝ Երուսաղէմի մէջ.

Acts 9:20

20 Իսկոյն ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ ա՛ն է Աստուծոյ Որդին:

Acts 9:26

26 Երբ Սօղոս եկաւ Երուսաղէմ՝ կը ձգտէր միանալ աշակերտներուն. բայց բոլորն ալ կը վախնային իրմէ, չհաւատալով թէ ան աշակերտ էր:

1 Corinthians 15:8-10

8 Բոլորէն ետք՝ երեւցաւ նաեւ ինծի, որպէս թէ վիժածի մը:9 Որովհետեւ ես առաքեալներուն փոքրագոյնն եմ, եւ արժանի ալ չեմ առաքեալ կոչուելու, քանի որ հալածեցի Աստուծոյ եկեղեցին:10 Բայց Աստուծոյ շնորհքո՛վն եմ՝ ինչ որ եմ: Եւ անոր շնորհքը՝ որ իմ վրաս է, ընդունայն չեղաւ. հապա ես անոնց բոլորէն շա՛տ աւելի աշխատեցայ. սակայն ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը՝ որ ինծի հետ էր:

1 Timothy 1:13-16

13 Նախապէս հայհոյիչ էի, հալածող եւ նախատող. բայց ողորմութիւն գտայ, որովհետեւ անգիտանալով ըրի՝ անհաւատութեան մէջ.14 եւ մեր Տէրոջ շնորհքը յորդեցաւ ինծի հանդէպ՝ հաւատքով ու սիրով, որ Քրիստոս Յիսուսով է:15 Սա՛ վստահելի եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի խօսք մըն է, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ փրկելու մեղաւորները, որոնց գլխաւորը ես եմ:16 Բայց ողորմութիւն գտայ սա՛ պատճառով, որ Յիսուս Քրիստոս նախ ի՛մ վրաս ցոյց տայ իր համբերատարութիւնը, տիպար ըլլալու անոնց որ պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.