Acts 10:42 Cross References - Armenian

42 Եւ ինք պատուիրեց մեզի, որ քարոզենք ու վկայենք ժողովուրդին թէ ի՛նք է Աստուծմէ սահմանուած Դատաւորը ողջերուն եւ մեռելներուն:

Matthew 25:31-46

31 «Երբ մարդու Որդին գայ իր փառքով՝ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն պիտի բազմի իր փառքի գահին վրայ:32 Բոլոր ազգերը պիտի հաւաքուին անոր առջեւ, ու պիտի զատէ զանոնք իրարմէ՝ ինչպէս հովիւ մը կը զատէ ոչխարները այծերէն:33 Ոչխարները պիտի կեցնէ իր աջ կողմը, իսկ այծերը՝ ձախ կողմը:34 Այն ատեն թագաւորը պիտի ըսէ իր աջ կողմը եղողներուն. “Եկէ՛ք իմ Հօրս օրհնածները, ժառանգեցէ՛ք այն թագաւորութիւնը, որ պատրաստուած է ձեզի համար՝ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր:35 Որովհետեւ անօթեցայ՝ եւ ուտելիք տուիք ինծի, ծարաւցայ՝ ու խմցուցիք ինծի, օտարական էի՝ ներս ընդունեցիք զիս,36 մերկ էի՝ հագուեցուցիք զիս, հիւանդ էի՝ այցելեցիք ինծի, բանտի մէջ էի՝ եկաք ինծի”:37 Այն ատեն արդարները պիտի պատասխանեն անոր. “Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած՝ եւ կերակրեցինք, կամ ծարաւցած՝ ու խմցուցինք.38 ե՞րբ տեսանք քեզ օտարական՝ եւ ներս ընդունեցինք, կամ մերկ՝ ու հագուեցուցինք.39 ե՞րբ տեսանք քեզ հիւանդ կամ բանտի մէջ՝ ու եկանք քեզի”:40 Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. “Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. "Քանի իմ այս եղբայրներուս փոքրագոյններէն մէկուն ըրիք՝ ինծի՛ ըրիք"”:41 Այն ատեն պիտի ըսէ նաեւ իր ձախ կողմը եղողներուն. “Հեռացէ՛ք ինձմէ, անիծեալնե՛ր, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Չարախօսին եւ իր հրեշտակներուն համար:42 Որովհետեւ անօթեցայ՝ ուտելիք չտուիք ինծի, ծարաւցայ՝ չխմցուցիք ինծի,43 օտարական էի՝ ներս չընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ չհագուեցուցիք զիս, հիւանդ ու բանտի մէջ էի՝ չայցելեցիք ինծի”:44 Այն ատեն անոնք ալ պիտի պատասխանեն. “Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած, կամ ծարաւցած, կամ օտարական, կամ մերկ, կամ հիւանդ, կամ բանտի մէջ, եւ չսպասարկեցինք քեզի”:45 Այն ատեն պիտի պատասխանէ անոնց. “Ճշմա՛րտապէս կ՚ըսեմ ձեզի. "Քանի ասոնց փոքրագոյններէն մէկուն չըրիք՝ ինծի՛ ալ չըրիք"”:46 Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական պատուհասին, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքին»:

Matthew 28:19-20

19 Ուրեմն գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, մկրտեցէ՛ք զանոնք Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով:20 Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի: Եւ ահա՛ ամէն օր ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»: Ամէն:

Mark 16:15-16

15 Նաեւ ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը, ու քարոզեցէ՛ք աւետարանը բոլոր արարածներուն:16 Ա՛ն որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի. ա՛ն որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի:

Luke 24:47-48

47 եւ անոր անունով ապաշխարութիւն ու մեղքերու ներում քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ սկսելով Երուսաղէմէն:48 Դո՛ւք էք այս բաներուն վկաները:

John 5:22-29

22 Քանի որ Հայրը ո՛չ մէկը կը դատէ, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ.23 որպէսզի բոլորը պատուեն Որդին, ինչպէս կը պատուեն Հայրը: Ա՛ն որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հա՛յրը՝ որ ղրկեց զայն:24 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ մտիկ կ՚ընէ իմ խօսքս, ու կը հաւատայ անոր՝ որ ղրկեց զիս, ունի յաւիտենական կեանքը, եւ չ՚իյնար դատապարտութեան տակ, հապա անցած է մահէն դէպի կեանք”:25 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ժամը պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ մեռելնե՛րը պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը. եւ անոնք որ կը լսեն՝ պիտի ապրին”:26 Որովհետեւ ինչպէս Հայրը ինքնիր մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ՝ որ ինքնիր մէջ կեանք ունենայ.27 նաեւ անոր տուաւ դատաստան կիրարկելու իշխանութիւն, քանի որ ան մարդու Որդին է:28 Մի՛ զարմանաք ասոր վրայ. որովհետեւ ժամը պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններու մէջ եղողները պիտի լսեն անոր ձայնը,29 ու դուրս պիտի գան. անոնք որ բարիք գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար, եւ անոնք որ չարիք գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»:

John 21:21-22

21 Պետրոս՝ տեսնելով զայն՝ ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, հապա ասիկա՛ ի՞նչ պիտի ըլլայ»:22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ ես ուզեմ, որ ան մնայ՝ մինչեւ որ գամ, քու ի՞նչ հոգդ է. դուն հետեւէ՛ ինծի»:

Acts 1:2

2 մինչեւ այն օրը՝ երբ Սուրբ Հոգիին միջոցով պատուէրներ տուաւ իր ընտրած առաքեալներուն, ու համբարձաւ:

Acts 1:8

8 բայց Սուրբ Հոգիին ձեր վրայ եկած ատենը՝ զօրութիւն պիտի ստանաք, եւ ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ երկրի ծայրերը»:

Acts 4:19-20

19 Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխանեցին անոնց. «Եթէ Աստուծոյ առջեւ իրաւացի՛ է՝ որ Աստուծմէ աւելի ձեզի՛ մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք .20 որովհետեւ մենք չենք կրնար չխօսիլ մեր տեսածին ու լսածին մասին»:

Acts 5:20

20 «Գացէ՛ք, եւ տաճարին մէջ կայնելով՝ ժողովուրդին քարոզեցէ՛ք այս կեանքին բոլոր խօսքերը»:

Acts 5:29-32

29 Պետրոս եւ միւս առաքեալները պատասխանեցին. «Աստուծո՛յ պէտք է հնազանդիլ՝ փոխանակ մարդոց:30 Մեր հայրերուն Աստուածը Յիսուսը յարուցանեց, որ դուք սպաննեցիք՝ փայտէն կախելով:31 Աստուած իր աջ ձեռքով բարձրացուց զայն՝ իբր Ռահվիրայ ու Փրկիչ, որպէսզի ապաշխարութիւն ու մեղքերու ներում տայ Իսրայէլի:32 Եւ մենք անոր վկաներն ենք՝ այս բաներուն համար, նաեւ Սուրբ Հոգին՝ որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդ եղողներուն»:

Acts 17:31

31 Որովհետեւ սահմանած է օր մը, երբ պիտի դատէ երկրագունդը արդարութեամբ՝ իր որոշած մարդուն միջոցով. եւ այս մասին հաւաստիք տուաւ բոլորին՝ մեռելներէն յարուցանելով զայն»:

Romans 14:9-10

9 Որովհետեւ Քրիստոս սա՛ նպատակով մեռաւ ու վերապրեցաւ, որպէսզի Տէր ըլլայ թէ՛ մեռելներուն եւ թէ ողջերուն:10 Իսկ դուն ինչո՞ւ կը դատես եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ կ՚անարգես եղբայրդ, քանի բոլորս ալ պիտի ներկայանանք Քրիստոսի դատարանը:

2 Corinthians 5:10

10 Որովհետեւ պէտք է որ բոլորս ալ ներկայանանք Քրիստոսի դատարանին առջեւ, որպէսզի իւրաքանչիւրը ստանայ այն բաներուն համեմատ՝ որ իր մարմինին մէջ եղած ատեն ըրած է, բարի կամ չար:

2 Timothy 4:1

1 Ուրեմն կը վկայեմ Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, որ պիտի դատէ ողջերն ու մեռելները իր երեւումին եւ թագաւորութեան ատենը.

2 Timothy 4:8

8 Ասկէ ետք վերապահուած է ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը՝ պիտի տայ ինծի այն օրը. եւ ո՛չ միայն ինծի, այլ նաեւ բոլոր անոնց՝ որ կը սիրեն անոր երեւումը:

1 Peter 4:5

5 Անոնք հաշիւ պիտի տան անո՛ր՝ որ պատրաստ է դատել ողջերն ու մեռելները.

Revelation 1:7

7 Ահա՛ ամպերով կու գայ, եւ ամէն աչք պիտի տեսնէ զայն. նաեւ անոնք՝ որ խոցեցին զայն: Երկրի բոլոր տոհմերը պիտի հեծեծեն անոր վրայ: Այո՛. ամէն:

Revelation 20:11-15

11 Յետոյ տեսայ մեծ, ճերմակ գահ մը, եւ անոր վրայ բազմողը, որուն երեսէն երկիրն ու երկինքը փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց:12 Տեսայ նաեւ մեռելները, պզտիկ ու մեծ, որոնք կայնած էին Աստուծոյ առջեւ: Գիրքերը բացուեցան. բացուեցաւ նաեւ ուրիշ գիրք մը՝ որ կեանքի գիրքն է. ու մեռելները դատուեցան գիրքերուն մէջ գրուածներուն համաձայն, իրենց արարքներուն համեմատ:13 Ծովը տուաւ իր մէջ եղող մեռելները, եւ մահն ու դժոխքը տուին իրենց մէջ եղող մեռելները. եւ անոնք դատուեցան, իւրաքանչիւրը՝ իր արարքներուն համեմատ:14 Մահն ու դժոխքը նետուեցան կրակի լիճին մէջ. ա՛յս է երկրորդ մահը:15 Ո՛վ որ կեանքի գիրքին մէջ արձանագրուած չգտնուեցաւ՝ նետուեցաւ կրակի լիճին մէջ:

Revelation 22:12

12 «Ահա՛ շուտո՛վ կու գամ, ու վարձատրութիւնս ինծի հետ է՝ իւրաքանչիւրին հատուցանելու իր արարքին համեմատ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.