2 Corinthians 5:11 Cross References - Armenian

11 Ուրեմն՝ գիտնալով Տէրոջ վախը՝ կը համոզենք մարդիկ. սակայն մենք բացայայտ ենք Աստուծոյ առջեւ, եւ կը յուսամ թէ բացայայտ ենք նաեւ ձեր խղճմտանքին մէջ:

Matthew 10:28

28 Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար անձը սպաննել. այլ մանաւանդ վախցէ՛ք անկէ՝ որ կրնայ անձը եւ մարմինը կորսնցնել գեհենին մէջ:

Matthew 25:46

46 Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական պատուհասին, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքին»:

Mark 8:35-38

35 Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ փրկել իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, իսկ ո՛վ որ կորսնցնէ իր անձը՝ ինծի ու աւետարանին համար, պիտի փրկէ զայն:36 Քանի որ ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ շահի ամբողջ աշխարհը, բայց կորսնցնէ իր անձը.37 կամ՝ մարդ ի՞նչ փրկանք պիտի տայ իր անձին փոխարէն:38 Որովհետեւ ո՛վ որ ամօթ սեպէ զիս եւ իմ խօսքերս դաւանիլը՝ այս շնացող ու մեղաւոր սերունդին մէջ, մարդու Որդին ալ ամօթ պիտի սեպէ զայն դաւանիլը՝ երբ գայ իր Հօր փառքով սուրբ հրեշտակներուն հետ»:

Mark 9:43-50

43 ուր անոնց որդը չի վախճանիր եւ կրակը չի մարիր:44 Եթէ ոտքդ կը գայթակղեցնէ քեզ՝ կտրէ՛ զայն. աւելի լաւ է քեզի՝ կա՛ղ մտնել կեանքը, քան երկու ոտք ունենալ ու նետուիլ գեհենը՝ անշէջ կրակին մէջ,45 ուր անոնց որդը չի վախճանիր եւ կրակը չի մարիր:46 Եթէ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ՝ հանէ՛ զայն. աւելի լաւ է քեզի՝ մէ՛կ աչքով մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը, քան երկու աչք ունենալ ու նետուիլ գեհենի կրակը,47 ուր անոնց որդը չի վախճանիր եւ կրակը չի մարիր:48 Որովհետեւ իւրաքանչիւրը կրակո՛վ պիտի աղուի, ու ամէն զոհ աղո՛վ պիտի աղուի:49 Աղը լաւ է. բայց եթէ աղը դառնայ անհամ, ինչո՞վ պիտի համեմէք զայն. ձեր մէջ ա՛ղ ունեցէք, եւ իրարու հետ խաղա՛ղ եղէք»:

Luke 12:5

5 Հապա ձեզի ցոյց տամ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք: Վախցէ՛ք անկէ՝ որ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի գեհենը նետելու: Այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, անկէ՛ վախցէք”:

Luke 16:31

31 Իսկ ան ըսաւ անոր. “Եթէ մտիկ չեն ըներ Մովսէսի եւ մարգարէներուն, պիտի չհամոզուին՝ նոյնիսկ եթէ մէկը մեռելներէն յարութիւն առնէ”»:

Acts 13:43

43 Երբ ժողովուրդը արձակուեցաւ, Հրեաներէն եւ բարեպաշտ նորահաւատներէն շատեր հետեւեցան Պօղոսի ու Բառնաբասի, որոնք կը խօսէին անոնց հետ եւ կը յորդորէին զանոնք, որ յարատեւեն Աստուծոյ շնորհքին մէջ:

Acts 18:4

4 Իսկ ամէն Շաբաթ օր կը խօսէր ժողովարանին մէջ, եւ կը համոզէր Հրեաներն ու Յոյները:

Acts 18:13

13 ըսելով. «Ասիկա կը համոզէ մարդիկը՝ որ պաշտեն Աստուած Օրէնքին հակառակ կերպով»:

Acts 19:26

26 ու կը տեսնէք եւ կը լսէք թէ այս Պօղոսը ո՛չ միայն Եփեսոսի մէջ, այլ նաեւ գրեթէ ամբողջ Ասիայի մէջ մեծ բազմութիւն մը համոզեց ու մոլորեցուց, ըսելով թէ “ձեռքով շինուածները աստուածներ չեն”:

Acts 20:18-27

18 Երբ եկան իր քով, ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէ՛ք թէ ի՛նչպէս վարուեցայ ձեզի հետ ամբողջ ժամանակը, առաջին օրէն ի վեր երբ Ասիա եկայ,19 ծառայելով Տէրոջ լման խոնարհութեամբ, եւ շատ արցունքով ու փորձութիւններով՝ որոնք պատահեցան ինծի Հրեաներուն դաւադրութիւններով.20 ի՛նչպէս չընկրկեցայ օգտակար բաներէն որեւէ մէկը հաղորդելէ եւ սորվեցնելէ ձեզի՝ հրապարակաւ ու տուներու մէջ,21 վկայելով թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ Յոյներուն՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան ու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքին մասին:22 Եւ հիմա ահա՛ կ՚երթամ Երուսաղէմ՝ հոգիով կապուած, ու չեմ գիտեր թէ հոն ի՛նչ պիտի պատահի ինծի.23 սակայն Սուրբ Հոգին կը վկայէ ամէն քաղաքի մէջ, եւ կ՚ըսէ թէ կապեր ու տառապանքներ կը սպասեն ինծի:24 Բայց ես ո՛չ մէկ բան կը հաշուեմ, ո՛չ ալ ինծի համար պատուական կը նկատեմ՝՝ իմ անձս, որպէսզի ուրախութեամբ աւարտեմ ընթացքս, նաեւ այն սպասարկութիւնը որ ստացայ Տէր Յիսուսէն՝ վկայ ըլլալու Աստուծոյ շնորհքի աւետարանին:25 Ու հիմա ահա՛ ես գիտեմ թէ դուք բոլորդ՝ որոնց մէջ շրջեցայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզելով, ա՛լ իմ երեսս պիտի չտեսնէք:26 Ուստի այսօր կը վկայեմ ձեզի թէ ես անպարտ եմ բոլորին արիւնէն.27 որովհետեւ չընկրկեցայ Աստուծոյ ամբողջ ծրագիրը հաղորդելէ ձեզի:

Acts 26:26

26 քանի որ թագաւորը գիտէ այս բաները, եւ անոր առջեւ ալ համարձակութեամբ կը խօսիմ: Արդարեւ համոզուած եմ թէ ասոնցմէ ոչինչ թաքուն մնացած է իրմէ, որովհետեւ այս բանը անկիւնի մը մէջ եղած չէ:

Acts 28:23

23 Երբ որոշեցին օր մը անոր հետ, շատեր գացին անոր քով՝ իր հիւրանոցը: Անոնց կը բացատրէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ կը վկայէր անոր մասին. առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը համոզէր զանոնք՝ փաստարկելով Յիսուսի մասին թէ՛ Մովսէսի Օրէնքէն, թէ՛ ալ Մարգարէներէն:

1 Corinthians 4:4-5

4 (որովհետեւ ես ոչինչո՛վ գիտակից եմ իմ մասիս. բայց ո՛չ թէ ասով կ՚արդարանամ.) հապա զիս դատողը՝ Տէ՛րն է:5 Հետեւաբար ատենէն առաջ մի՛ դատէք՝ մինչեւ որ Տէրը գայ. ի՛նք պիտի լուսաւորէ խաւարին գաղտնիքը ու երեւան պիտի հանէ սիրտերուն ծրագիրները, եւ ա՛յն ատեն իւրաքանչիւրը գովեստ պիտի ունենայ Աստուծմէ:

2 Corinthians 1:12-14

12 Արդարեւ սա՛ է մեր պարծանքը՝ մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք՝ պարզամտութեամբ եւ Աստուծոյ անկեղծութեամբ, ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ՝ հապա Աստուծոյ շնորհքով վարուեցանք աշխարհի մէջ, եւ ա՛լ աւելի ձեզի հանդէպ:13 Որովհետեւ ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, քան ինչ որ դուք կը կարդաք ու կը հասկնաք. եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վախճանն ալ պիտի հասկնաք,14 ինչպէս նաեւ մասամբ հասկցաք մեզ, թէ մենք ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսի օրը:

2 Corinthians 2:17

17 Քանի որ մենք շատերուն պէս չենք, որոնք կը խարդախեն Աստուծոյ խօսքը. հապա անկեղծութեա՛մբ, Աստուծմէ ղրկուած եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք՝ Քրիստոսով:

2 Corinthians 4:1-2

1 Ուստի, քանի ունինք այս սպասարկութիւնը, ողորմութիւն գտած ըլլալով՝ չենք ձանձրանար.2 հապա հրաժարեցանք ամօթալի ծածուկ բաներէն, խորամանկութեամբ չենք ընթանար եւ Աստուծոյ խօսքը չենք խարդախեր. այլ ճշմարտութիւնը բացայայտելով մենք մեզ կը յանձնարարենք ամէն մարդու խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ:

2 Corinthians 5:20

20 Ուրեմն մենք դեսպաններ ենք Քրիստոսի համար, որպէս թէ Աստուած կ՚աղաչէր ձեզի մեր միջոցով. կ՚աղերսենք ձեզի Քրիստոսի կողմէն, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ:

2 Corinthians 6:1

1

Galatians 1:10

10 Որովհետեւ հիմա մարդի՞կ կը համոզեմ՝ թէ Աստուած. կամ մարդի՞կ կը ջանամ հաճեցնել: Քանի որ եթէ ես տակաւին մարդիկ հաճեցնէի, ա՛լ Քրիստոսի ծառայ չէի ըլլար:

Colossians 1:28-29

28 Մենք կը հռչակենք զինք, խրատելով ամէն մարդ եւ սորվեցնելով ամէն մարդու՝ ամբողջ իմաստութեամբ, որպէսզի ներկայացնենք ամէն մարդ կատարեալ՝ Քրիստոս Յիսուսով:29 Ասո՛ր համար ես կ՚աշխատիմ, պայքարելով իր ներգործութեան համեմատ՝ որ զօրութեամբ կը գործէ իմ մէջս:

1 Thessalonians 2:3-12

3 Որովհետեւ մեր յորդորը ո՛չ մոլորութենէ էր, ո՛չ անմաքրութենէ, ո՛չ ալ նենգութեամբ.4 այլ կը խօսինք այնպէս՝ ինչպէս մենք զատորոշուեցանք Աստուծմէ, որպէսզի աւետարանը վստահուի մեզի, ո՛չ թէ մարդիկ հաճեցնելու համար, հապա Աստուած՝ որ կը քննէ մեր սիրտերը:5 Քանի որ մենք բնա՛ւ չգործածեցինք շողոքորթութեան խօսքեր,- ինչպէս գիտէք,- ո՛չ ալ ագահութեան պատրուակ մը,- Աստուած վկայ է.-6 եւ փառք չփնտռեցինք մարդոցմէ,- ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն:-7 Թէեւ կրնայինք՝ իբր Քրիստոսի առաքեալներ՝ ծանրութիւն ըլլալ ձեզի, մենք հեզահամբոյր եղանք ձեր մէջ:8 Ինչպէս դայեակ մը կը փայփայէ իր զաւակները, նոյնպէս մենք՝ գորովագութ ըլլալով ձեզի հանդէպ՝ կը յօժարէինք տալ ձեզի ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը, հապա մեր անձերն ալ, որովհետեւ դուք սիրելի եղաք մեզի:9 Կը յիշէք, եղբայրնե՛ր, մեր աշխատանքն ու տաժանքը. գիշեր ու ցերեկ գործելով քարոզեցինք ձեզի Աստուծոյ աւետարանը, չծանրաբեռնելու համար ձեզմէ ոեւէ մէկը:10 Դուք վկայ էք, եւ Աստուած ալ, թէ ի՛նչպէս սրբութեամբ, արդարութեամբ ու անմեղադրելի կերպով վարուեցանք ձեզի հետ՝ որ կը հաւատաք:11 Նոյնպէս գիտէք թէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը՝ ինչպէս հայր մը իր զաւակները՝12 յորդորեցինք եւ սփոփեցինք, ու վկայեցինք որպէսզի ձեր ընթացքը արժանավայել ըլլայ Աստուծոյ՝ որ կանչեց ձեզ իր թագաւորութեան եւ փառքին:

2 Timothy 2:24-26

24 Տէրոջ ծառան պէտք չէ կռուի, հապա՝ ըլլայ հեզահամբոյր բոլորին հանդէպ, սորվեցնելու ընդունակ, անոխակալ,25 ընդդիմացողները հեզութեամբ կրթող, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը գիտնալու համար,26 ու սթափին Չարախօսին թակարդէն, որմէ բռնուած են՝ անոր կամքին ծառայելու:

Hebrews 10:31

31 Ահարկու բան է իյնալ ապրող Աստուծոյ ձեռքը:

Jude 1:23

23 իսկ փրկեցէ՛ք ուրիշները, վախով յափշտակելով զանոնք կրակէն, ատելով մարմինէն ապականած բաճկոնն ալ:

Revelation 20:15

15 Ո՛վ որ կեանքի գիրքին մէջ արձանագրուած չգտնուեցաւ՝ նետուեցաւ կրակի լիճին մէջ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.