2 Corinthians 13:5 Cross References - Armenian

5 Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ՝ թէ հաւատքին մէ՛ջն էք. քննեցէ՛ք դուք ձեզ: Չէ՞ք գիտեր դուք ձեզմէ՝ թէ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջն է, եթէ խոտելի չըլլաք:

John 6:6

6 (Ասիկա կ՚ըսէր՝ զայն փորձելու համար, քանի որ ինք գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր:)

John 6:56

56 որովհետեւ իմ մարմինս ճշմա՛րտապէս կերակուր է, եւ իմ արիւնս՝ ճշմա՛րտապէս խմելիք:

John 14:23

23 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Եթէ մէկը սիրէ զիս՝ պիտի պահէ իմ խօսքս, ու իմ Հայրս պիտի սիրէ զայն. եւ պիտի գանք անոր ու բնակինք անոր հետ:

John 15:4

4 Ի՛մ մէջս մնացէք, ու ես՝ ձեր մէջ. ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել՝ եթէ որթատունկին վրայ չմնայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ մէջս չմնաք:

John 17:23

23 (ես՝ անոնց մէջ, ու դուն՝ իմ մէջս.) որպէսզի իրենք կատարելապէս մէկ ըլլան, եւ աշխարհը գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս, ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս սիրեցիր զիս:

John 17:26

26 Քու անունդ ճանչցուցի անոնց, ու պիտի ճանչցնեմ. որպէսզի այն սէրը՝ որով դուն սիրեցիր զիս՝ ըլլայ անոնց մէջ, ու ե՛ս ալ անոնց մէջ»:

Romans 1:28

28 Քանի չգնահատեցին պահել Աստուած իրենց գիտակցութեան մէջ, Աստուած ալ մատնեց զանոնք խոտելի միտքի մը՝ ընելու անպատշաճ բաներ:

Romans 8:10

10 Սակայն եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է, մարմինը մեռած է մեղքին պատճառով, իսկ Հոգին կեանք կը պարգեւէ արդարութեան պատճառով:

1 Corinthians 3:16

16 Չէ՞ք գիտեր թէ դուք Աստուծոյ տաճարն էք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ:

1 Corinthians 6:2

2 Չէ՞ք գիտեր թէ սուրբե՛րը պիտի դատեն աշխարհը. ու եթէ աշխարհը կը դատուի ձեզմէ, դուք արժանի չէ՞ք դատելու չնչին խնդիրները:

1 Corinthians 6:15

15 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են: Ուրեմն Քրիստոսի անդամները առնելով պոռնիկի անդամնե՞ր ընեմ: Ամե՛նեւին:

1 Corinthians 6:19

19 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինը տաճարն է Սուրբ Հոգիին՝ որ ձեր մէջն է. զայն Աստուծմէ ստացաք, եւ դուք ձեզի չէք պատկանիր,

1 Corinthians 9:24

24 Չէ՞ք գիտեր թէ ասպարէզին մէջ վազողները՝ բոլորը կը վազեն, բայց մէ՛կը կը ստանայ մրցանակը: Ուստի ա՛յնպէս վազեցէք՝ որ ստանա՛ք:

1 Corinthians 9:27

27 բայց կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ մարմինս, որպէսզի՝ ուրիշներուն քարոզելէ ետք՝ ես ինքս խոտելի չըլլամ:

1 Corinthians 11:28

28 Ուրեմն իւրաքանչիւրը թող քննէ ինքզինք, ու ա՛յդպէս ուտէ հացէն եւ խմէ բաժակէն:

1 Corinthians 11:31

31 Որովհետեւ եթէ մենք մեզ դատէինք՝ չէինք դատուեր:

2 Corinthians 6:16

16 եւ ի՞նչ համաձայնութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ, որովհետեւ դուք ապրող Աստուծոյ տաճարն էք՝ ինչպէս Աստուած ըսաւ. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց մէջ պիտի շրջիմ. անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան:

2 Corinthians 13:6-7

6 Բայց կը յուսամ թէ պիտի գիտնաք՝ թէ մենք խոտելի չենք:7 Կ՚աղօթեմ Աստուծոյ՝ որ դուք ո՛չ մէկ չարիք ընէք. ո՛չ թէ՝ որպէսզի մենք գնահատելի երեւինք, հապա՝ որպէսզի դուք ընէք ինչ որ պարկեշտ է, թէեւ մենք խոտելի թուինք:

Galatians 2:20

20 Քրիստոսի հետ խաչուեցայ. սակայն կ՚ապրի՛մ, բայց ա՛լ ո՛չ թէ ես՝ հապա Քրիստո՛ս կ՚ապրի իմ մէջս: Իսկ այն կեանքը որ հիմա մարմինովս կ՚ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքով կ՚ապրիմ, որ սիրեց զիս եւ ինքզինք ընծայեց ինծի համար:

Galatians 4:19

19 Որդեակնե՛րս, ձեզի համար դարձեալ երկունքի ցաւ կը քաշեմ, մինչեւ որ Քրիստոս ձեր մէջ կերպաւորուի:

Galatians 6:4

4 Բայց իւրաքանչիւրը թող քննէ իր գործը, եւ ա՛յն ատեն պարծենայ՝ միայն ինքնիր վրայ, ո՛չ թէ ուրիշի վրայ.

Ephesians 2:20-22

20 շինուած առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիմին վրայ, որուն ծայրագոյն անկիւնաքարը՝ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս է:21 Անով ամբողջ շէնքը՝ յարմարութեամբ միասին կազմուած՝ կ՚աճի, սուրբ տաճար մը ըլլալու Տէրոջմով.22 անով դո՛ւք ալ միասին կը շինուիք՝ Աստուծոյ բնակավայր ըլլալու Սուրբ Հոգիին միջոցով:

Ephesians 3:17

17 որպէսզի Քրիստոս բնակի ձեր սիրտերուն մէջ՝ հաւատքով, եւ դուք՝ սիրոյ մէջ արմատանալով ու հիմնուելով՝

Colossians 1:23

23 եթէ հիմնուած ու հաստատուած մնաք հաւատքին վրայ, առանց խախտելու յոյսէն այն աւետարանին՝ որ դուք լսեցիք. ան քարոզուեցաւ երկինքի տակ եղած բոլոր արարածներուն, ու ես՝ Պօղոս՝ սպասարկու եղայ անոր:

Colossians 1:27

27 որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել թէ ի՛նչ է այս խորհուրդին փառքին ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, այսինքն՝ Քրիստոս ձեր մէջ, փառքի յոյսը:

Colossians 2:7

7 արմատացած ու շինուած անոր վրայ, եւ հաստատուած հաւատքին մէջ՝ ինչպէս սորվեցաք, ու ճոխացէ՛ք անոր մէջ շնորհակալութեամբ:

Colossians 2:19

19 եւ չբռնելով գլուխը՝ որմէ ամբողջ մարմինը, յօդերով ու յօդակապերով հայթայթուած եւ իրարու կցուած, կ՚աճի Աստուծոյ աճումով:

1 Timothy 2:15

15 Սակայն ան պիտի փրկուի որդեծնութեամբ, եթէ խոհեմութեամբ յարատեւէ հաւատքի, սիրոյ ու սրբութեան մէջ:

2 Timothy 3:8

8 Հապա, ինչպէս Յանէս ու Յամրէս ընդդիմացան Մովսէսի, նոյնպէս ասոնք ալ կ՚ընդդիմանան ճշմարտութեան: Միտքով ապականած մարդիկ, որ խոտելի են հաւատքի մէջ.

Titus 1:13

13 Այս վկայութիւնը ճշմարիտ է. ուստի սաստիկ կշտամբէ՛ զանոնք, որպէսզի առողջանան հաւատքին մէջ,

Titus 1:16

16 Կը դաւանին թէ կը ճանչնան Աստուած. բայց կ՚ուրանան զայն իրենց գործերով, ըլլալով գարշելի եւ անհնազանդ, ու խոտելի՝ ամէն բարի գործի հանդէպ:

Titus 2:2

2 Տարեցները թող ըլլան զգաստ, պատկառելի, խոհեմ, եւ ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով ու համբերութեամբ:

Hebrews 4:1

1 Ուրեմն վախնա՛նք, որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկը զրկուած թուի անոր հանգստավայրը մտնելու խոստումէն, որ մնացած է մեզի:

Hebrews 6:8

8 բայց ան որ կ՚արտադրէ փուշեր ու տատասկներ՝ անպէտ է եւ անիծուելու մօտ. անոր վախճանն է այրուիլ:

Hebrews 12:15

15 Ուշադի՛ր եղէք՝ որ ո՛չ մէկը զրկուի Աստուծոյ շնորհքէն. դառնութեան արմատ մը բուսնելով՝ թող չվրդովէ ձեզ, եւ շատեր չպղծուին անով:

James 4:4

4 Շնացողնե՛ր, չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհի բարեկամութիւնը՝ Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուրեմն ո՛վ որ կը փափաքի բարեկամ ըլլալ աշխարհի, ինքզինք թշնամի կ՚ընէ Աստուծոյ:

1 Peter 2:4-5

4 Մօտեցէ՛ք անոր՝ ապրող քարին, որ արդարեւ մարդոցմէ մերժուած է, բայց Աստուծմէ ընտրուած ու պատուական է:5 Դո՛ւք ալ՝ ապրող քարերու պէս՝ կը շինուիք իբր հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, որպէսզի մատուցանէք հոգեւոր զոհեր, Աստուծոյ ընդունելի՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:

1 Peter 5:9

9 Դիմադրեցէ՛ք անոր՝ ամուր հաւատքով, գիտնալով թէ ձեր եղբայրնե՛րն ալ աշխարհի մէջ կը կրեն նոյն չարչարանքները:

1 John 3:20-21

20 որովհետեւ եթէ մեր սիրտը պարսաւէ մեզ, Աստուած աւելի մեծ է քան մեր սիրտը եւ գիտէ ամէն բան:21 Սիրելինե՛ր, եթէ մեր սիրտը չպարսաւէ մեզ, այն ատեն համարձակութիւն կ՚ունենանք Աստուծոյ առջեւ,

Revelation 2:5

5 Ուրեմն յիշէ՛ թէ ուրկէ՛ ինկար, ապաշխարէ՛, եւ ըրէ՛ առաջին գործերդ. այլապէս՝ շուտո՛վ պիտի գամ քեզի, ու աշտանակդ պիտի շարժեմ իր տեղէն՝ եթէ չապաշխարես:

Revelation 3:2-3

2 Արթո՛ւն կեցիր եւ ամրացո՛ւր մնացած բաները՝ որ մեռնելու մօտ են, որովհետեւ կատարեալ չգտայ գործերդ Աստուծոյ առջեւ:3 Ուրեմն յիշէ՛ թէ ի՛նչպէս ընդունեցիր եւ լսեցիր, ու պահէ՛ եւ ապաշխարէ՛. իսկ եթէ արթուն չկենաս, գողի պէս պիտի գամ քու վրադ, ու բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՛ր ժամուն պիտի գամ վրադ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.