1 Corinthians 7:20 Cross References - Armenian

20 Իւրաքանչիւրը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող մնայ անոր մէջ:

Luke 3:10-14

10 Բազմութիւնները հարցուցին իրեն. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»:11 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Ո՛վ որ երկու բաճկոն ունի՝ մէկը թող տայ չունեցողին, եւ ո՛վ որ կերակուր ունի՝ նոյնպէս ընէ»:12 Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու, եւ ըսին անոր. «Վարդապե՛տ, մե՞նք ինչ ընենք»:13 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Մի՛ պահանջէք աւելի՝ քան ինչ որ ձեզի պատուիրուած է»:14 Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր. «Մե՞նք ինչ ընենք»: Ըսաւ անոնց. «Ո՛չ մէկը հարստահարեցէք, ո՛չ մէկը զրպարտեցէք, հապա բաւարարուեցէ՛ք ձեր թոշակով»:

1 Corinthians 7:17

17 Այլապէս՝ ի՛նչպէս Տէրը բաշխեց իւրաքանչիւրին, ի՛նչպէս Աստուած կանչեց իւրաքանչիւրը, ա՛յնպէս թող ընթանայ: Ես ա՛յսպէս կը պատուիրեմ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

1 Corinthians 7:21-24

21 Ստրո՞ւկ էիր երբ կանչուեցար. հոգ մի՛ ըներ այդ մասին. բայց եթէ կրնաս ազատագրուիլ, առաւելապէս օգտուէ՛ առիթէն:22 Որովհետեւ ո՛վ որ կանչուած է Տէրոջմով՝ ստրուկ ըլլալով, Տէրոջ ազատագրեալն է. նմանապէս ո՛վ որ կանչուած է՝ ազատ ըլլալով, Քրիստոսի ստրուկն է:23 Դուք գնուեցաք մեծ գինով մը. մի՛ ըլլաք մարդոց ստրուկ:24 Եղբայրնե՛ր, իւրաքանչիւրը ի՛նչ վիճակի մէջ որ կանչուեցաւ, թող մնայ անոր մէջ՝ Աստուծոյ հետ:

1 Thessalonians 4:11

11 ու պատի՛ւ համարէք հանդարտ կենալ, ձեր գործերով զբաղիլ եւ ձեր ձեռքերով աշխատիլ, (ինչպէս պատուիրեցինք ձեզի,) որպէսզի դուրսիններուն հետ վարուիք վայելչութեամբ ու ո՛չ մէկ բանի՝՝ պէտք ունենաք:

2 Thessalonians 3:12

12 Այդպիսիներուն կը պատուիրենք ու կը յորդորենք մեր Տէրոջմով՝ Յիսուս Քրիստոսով, որ գործեն հանդարտութեամբ եւ ուտեն իրե՛նց հացը:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.