Revelation 15:1-4

Armenian(i) 1 Երկինքի մէջ տեսայ ուրիշ նշան մը՝ մեծ եւ զարմանալի.- եօթը հրեշտակներ՝ որոնք ունէին եօթը վերջին պատուհասները, որովհետեւ անոնցմո՛վ կ՚աւարտէր Աստուծոյ զայրոյթը: 2 Տեսայ նաեւ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը՝ կրակով խառնուած. անոնք որ յաղթած էին գազանին, անոր պատկերին եւ անոր անունին թիւին, կայնած էին ապակեղէն ծովուն վրայ՝ ունենալով Աստուծոյ քնարները: 3 Անոնք կ՚երգէին Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսի երգը, ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ եւ սքանչելի են քու գործերդ, Տէ՛ր, Ամենակա՛լ Աստուած. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, Ազգերո՛ւ թագաւոր: 4 Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ եւ չփառաւորէ քու անունդ, որովհետեւ միակ սուրբը դո՛ւն ես. արդարեւ բոլոր ազգերը պիտի գան ու երկրպագեն քու առջեւդ, քանի որ քու արդար դատավճիռներդ յայտնաբերուեցան»: