Revelation 11:8-13

Armenian(i) 8 Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան հրապարակին վրայ այն մեծ քաղաքին՝ որ հոգեւորապէս Սոդոմ ու Եգիպտոս կը կոչուի, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ: 9 Եւ ժողովուրդները, տոհմերը, լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները՝ երեք ու կէս օր, ու թոյլ պիտի չտան որ անոնց դիակները դրուին գերեզմանի մէջ: 10 Երկրի բնակիչները պիտի ուրախանան անոնց համար, պիտի զուարճանան, եւ մինչեւ անգամ ընծաներ պիտի ղրկեն իրարու. որովհետեւ այս երկու մարգարէները տանջած էին երկրի բնակիչները: 11 Երեք ու կէս օր ետք, Աստուծմէ եկող կեանքի հոգի մտաւ անոնց մէջ, կայնեցան իրենց ոտքերուն վրայ, ու մեծ վախ համակեց զիրենք տեսնողները՝՝: 12 Լսեցին երկինքէն հզօր ձայն մը ՝ որ կ՚ըսէր իրենց. «Հո՛ս բարձրացէք»: Եւ ամպով մը երկինք բարձրացան, ու իրենց թշնամիներն ալ տեսան զիրենք: 13 Նոյն ժամուն հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ քաղաքին մէկ տասներորդը կործանեցաւ: Եօթը հազար մարդիկ սպաննուեցան այդ երկրաշարժէն. մնացողները վախցան ու փառք տուին երկինքի Աստուծոյն: