Revelation 11:3-10

Armenian(i) 3 Ես զօրութիւն պիտի տամ իմ երկու վկաներուս, եւ անոնք՝ քուրձ հագած՝ պիտի մարգարէանան հազար երկու հարիւր վաթսուն օր: 4 Ասոնք այն երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներն են՝ որ կը կանգնին երկրի Տէրոջ առջեւ: 5 Եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, կրակ պիտի ելլէ անոնց բերանէն եւ պիտի լափէ իրենց թշնամիները. եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, պէտք է որ ա՛յսպէս մեռցուի: 6 Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէսզի անձրեւ չտեղայ իրենց մարգարէութեան օրերը. իշխանութիւն ունին նաեւ ջուրերուն վրայ՝ արիւն դարձնելու զանոնք, եւ զարնելու երկիրը ամէն տեսակ պատուհասներով՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն: 7 Երբ աւարտեն իրենց վկայութիւնը, այն ատեն անդունդէն բարձրացող գազանը պիտի պատերազմի անոնց հետ, պիտի յաղթէ անոնց եւ պիտի մեռցնէ զանոնք: 8 Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան հրապարակին վրայ այն մեծ քաղաքին՝ որ հոգեւորապէս Սոդոմ ու Եգիպտոս կը կոչուի, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ: 9 Եւ ժողովուրդները, տոհմերը, լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները՝ երեք ու կէս օր, ու թոյլ պիտի չտան որ անոնց դիակները դրուին գերեզմանի մէջ: 10 Երկրի բնակիչները պիտի ուրախանան անոնց համար, պիտի զուարճանան, եւ մինչեւ անգամ ընծաներ պիտի ղրկեն իրարու. որովհետեւ այս երկու մարգարէները տանջած էին երկրի բնակիչները: