Matthew 24:15-18

Armenian(i) 15 «Ուրեմն երբ սուրբ տեղը հաստատուած տեսնէք աւերողին պղծութիւնը՝՝,- որու մասին Դանիէլ մարգարէին միջոցով խօսուած է,- (ո՛վ որ կարդայ՝ թող հասկնայ,) 16 այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռնե՛րը թող փախչին: 17 Ա՛ն որ տանիքին վրայ է՝ թող չիջնէ իր տունէն որեւէ բան առնելու, 18 եւ ա՛ն որ արտին մէջ է՝ թող չվերադառնայ իր հանդերձները առնելու: