Matthew 20:29-34

Armenian(i) 29 Երբ անոնք դուրս ելան Երիքովէն, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ անոր: 30 Եւ ահա՛ երկու կոյրեր նստած էին ճամբային եզերքը. երբ լսեցին թէ Յիսուս կ՚անցնի, աղաղակեցին. «Ողորմէ՜ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ Որդի»: 31 Բազմութիւնը կը յանդիմանէր զանոնք՝ որ լռեն, բայց անոնք ա՛լ աւելի կ՚աղաղակէին. «Ողորմէ՜ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ Որդի»: 32 Յիսուս կանգ առնելով՝ կանչեց զանոնք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ ձեզի»: 33 Ըսին անոր. «Տէ՛ր, թող մեր աչքերը բացուին»: 34 Յիսուս գթալով՝ դպաւ անոնց աչքերուն. իսկոյն անոնց աչքերը բացուեցան, ու հետեւեցան անոր: