Mark 3:13-19

Armenian(i) 13 Ապա լեռը ելաւ եւ իրեն կանչեց իր ուզածները, ու քովը գացին: 14 Եւ ընտրեց տասներկու հոգի, որպէսզի ըլլան իրեն հետ, ու ղրկէ զանոնք՝ քարոզելու, 15 նաեւ իշխանութիւն ունենալու՝ ախտերը բուժելու եւ դեւերը դուրս հանելու համար.- 16 Սիմոնը՝ որ Պետրոս անուանեց, 17 Զեբեդեան Յակոբոսն ու Յակոբոսի եղբայրը՝ Յովհաննէսը, որոնք Բաներեգէս անուանեց, որ ըսել է. «Որոտումի որդիներ», 18 Անդրէասը, Փիլիպպոսը, Բարթողոմէոսը, Մատթէոսը, Թովմասը, Ալփէոսեան Յակոբոսը, Թադէոսը, Սիմոն Կանանացին 19 եւ Յուդա Իսկարիովտացին, որ մատնեց զայն: