John 16:1-19

Armenian(i) 1 «Այս բաները խօսեցայ ձեզի՝ որպէսզի չգայթակղիք: 2 Իրենց ժողովարաններէն պիտի վռնտեն ձեզ. նոյնիսկ ժամը պիտի գայ, երբ ո՛վ որ սպաննէ ձեզ՝ այնպէս պիտի կարծէ թէ պաշտամունք կը կատարէ Աստուծոյ: 3 Եւ այս բաները պիտի ընեն ձեզի, որովհետեւ ո՛չ Հայրը ճանչցան, ո՛չ ալ՝ զիս: 4 Բայց այս բաները խօսեցայ ձեզի, որպէսզի երբ ժամը գայ՝ յիշէք թէ ես ըսի ձեզի: Ասոնք սկիզբէն չըսի ձեզի, որովհետեւ ձեզի հետ էի»: 5 «Սակայն հի՛մա կ՚երթամ զիս ղրկողին քով, եւ ձեզմէ ո՛չ մէկը կը հարցնէ ինծի. “Ո՞ւր կ՚երթաս”: 6 Բայց քանի որ այս բաները խօսեցայ ձեզի, ձեր սիրտը տրտմութեամբ լեցուեցաւ: 7 Սակայն ես ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի. “Աւելի օգտակար է ձեզի՝ եթէ ես երթամ”: Որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը չի գար ձեզի. իսկ եթէ մեկնիմ՝ զինք պիտի ղրկեմ ձեզի: 8 Ու երբ ինք գայ՝ պիտի կշտամբէ աշխարհը մեղքի համար, արդարութեան համար ու դատաստանի համար: 9 Մեղքի համար՝ քանի որ չեն հաւատար ինծի. 10 արդարութեան համար՝ որովհետեւ ես կ՚երթամ իմ Հօրս քով, եւ ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. 11 դատաստանի համար՝ քանի որ այս աշխարհի իշխանը դատուած է: 12 Տակաւին շատ բաներ ունիմ՝ ձեզի ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար հանդուրժել: 13 Իսկ երբ ինք՝ Ճշմարտութեան Հոգին գայ, ամբո՛ղջ ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ. որովհետեւ պիտի չխօսի ինքնիրմէ, հապա ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի ըսէ, ու գալիքները պիտի հաղորդէ ձեզի: 14 Ինք պիտի փառաւորէ զիս, որովհետեւ պիտի ստանայ իմինէս ու հաղորդէ ձեզի: 15 Ամէն ինչ որ Հայրը ունի՝ ի՛մս է. ուստի ըսի ձեզի թէ պիտի առնէ իմինէս ու հաղորդէ ձեզի»: 16 «Քիչ մը ատենէն՝ ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. եւ քիչ մը ատենէն՝ դարձեալ պիտի տեսնէք զիս, քանի որ ես կ՚երթամ Հօրը քով»: 17 Ուստի աշակերտներէն ոմանք կ՚ըսէին իրարու. «Ի՞նչ է ասիկա, որ կ՚ըսէ մեզի. “Քիչ մը ատենէն՝ ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. եւ քիչ մը ատենէն՝ դարձեալ պիտի տեսնէք զիս”: Նաեւ. “Քանի որ ես կ՚երթամ Հօրը քով”»: 18 Ուրեմն կ՚ըսէին. «Ի՞նչ է ասիկա՝ որ կ՚ըսէ. “Քիչ մը ատենէն”. չենք գիտեր ի՛նչ կը խօսի»: 19 Ուստի Յիսուս, գիտնալով թէ կ՚ուզեն հարցնել իրեն, ըսաւ անոնց. «Զիրա՞ր կը հարցափորձէք, քանի որ ըսի. “Քիչ մը ատենէն՝ ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. եւ քիչ մը ատենէն՝ դարձեալ պիտի տեսնէք զիս”: