Hebrews 6:10-19

Armenian(i) 10 Քանի որ Աստուած անիրաւ չէ՝ որ մոռնայ ձեր գործը, եւ այն սէրը՝ որ ցոյց տուիք իր անունին համար, երբ սպասարկեցիք սուրբերուն ու կը սպասարկէք ալ: 11 Սակայն կը ցանկանք որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ցոյց տայ նոյն փութաջանութիւնը՝ մինչեւ վախճանը պահելու համար յոյսի լման վստահութիւնը. 12 որպէսզի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա նմանիք անոնց՝ որ հաւատքով ու համբերատարութեամբ ժառանգեցին խոստումները: 13 Արդարեւ, երբ Աստուած խոստում ըրաւ Աբրահամի, քանի որ իրմէ մեծը չկար՝ որ երդում ընէր անոր վրայ, 14 երդում ըրաւ ինքնիր վրայ եւ ըսաւ. «Այո՛, մեծապէս պիտի օրհնեմ քեզ ու մեծապէս պիտի բազմացնեմ քեզ»: 15 Եւ այսպէս՝ ան համբերատարութեամբ հասաւ խոստումին: 16 Արդարեւ մարդիկ երդում կ՚ընեն իրենցմէ մեծին վրայ, ու իրենց համար՝ երդո՛ւմը կը հաստատէ ամէն հակաճառութեան աւարտը: 17 Ուստի Աստուած, փափաքելով աւելի ճոխութեամբ ցոյց տալ իր ծրագիրին անփոփոխ ըլլալը խոստումի ժառանգորդներուն, միջնորդեց երդումով մը, 18 որպէսզի երկու անփոփոխելի բաներով - որոնց մէջ անկարելի է որ Աստուած ստէ - հզօր մխիթարութիւն ունենանք մենք՝ որ իբր ապաստան ամուր բռնեցինք մեզի առաջարկուած յոյսը: 19 Մենք ունինք զայն որպէս ապահով եւ հաստատ խարիսխ մեր անձին. ան կը մտնէ վարագոյրին ներսի կողմն ալ,