Hebrews 6:10-12

Armenian(i) 10 Քանի որ Աստուած անիրաւ չէ՝ որ մոռնայ ձեր գործը, եւ այն սէրը՝ որ ցոյց տուիք իր անունին համար, երբ սպասարկեցիք սուրբերուն ու կը սպասարկէք ալ: 11 Սակայն կը ցանկանք որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ցոյց տայ նոյն փութաջանութիւնը՝ մինչեւ վախճանը պահելու համար յոյսի լման վստահութիւնը. 12 որպէսզի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա նմանիք անոնց՝ որ հաւատքով ու համբերատարութեամբ ժառանգեցին խոստումները: