Ephesians 2:1-5

Armenian(i) 1 Դուք մեռած էիք յանցանքներու եւ մեղքերու մէջ, բայց ինք ձեզ ապրեցուց: 2 Անոնց մէջ ժամանակին կ՚ընթանայիք՝ այս աշխարհի ընթացքին համաձայն, օդի իշխանութեան իշխանին համաձայն, այն ոգիին՝ որ հիմա կը ներգործէ անհնազանդութեան որդիներուն մէջ: 3 Անոնցմով մենք բոլորս ալ ժամանակին կը վարուէինք՝ մեր մարմինին ցանկութիւններով, մարմինին ու միտքին փափաքները գործադրելով. բնութեամբ բարկութեան զաւակներ էինք՝ ուրիշներու նման: 4 Բայց Աստուած՝ որ հարուստ է ողորմութեամբ, իր մեծ սիրոյն համար՝ որով սիրեց մեզ, 5 երբ մեռած էինք մեղքերու մէջ՝ կեանք տուաւ մեզի Քրիստոսի հետ, (դուք շնորհքո՛վ փրկուած էք.)