Acts 11:22-25

Armenian(i) 22 Այս բաներուն լուրը հասաւ Երուսաղէմի եկեղեցիին ականջը, եւ ճամբեցին Բառնաբասը՝ որ երթայ մինչեւ Անտիոք: 23 Երբ ան եկաւ ու տեսաւ Աստուծոյ շնորհքը՝ ուրախացաւ, եւ կը յորդորէր բոլորն ալ՝ որ յարին Տէրոջ յօժար սիրտով՝՝. 24 (քանի որ ինք բարի մարդ էր, Սուրբ Հոգիով ու հաւատքով լեցուն.) եւ մեծ բազմութիւն մը աւելցաւ Տէրոջ եկեղեցիին թիւին վրայ: 25 Յետոյ Բառնաբաս մեկնեցաւ Տարսոն՝ փնտռելու Սօղոսը, ու գտնելով զայն՝ բերաւ Անտիոք: