2 Corinthians 6:14-18

Armenian(i) 14 Անհաւատներուն հետ անյարիր լծակից՝՝ մի՛ ըլլաք. քանի որ ի՞նչ ընկերակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ, ի՞նչ հաղորդութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ, 15 եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարի հետ. կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ, 16 եւ ի՞նչ համաձայնութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ, որովհետեւ դուք ապրող Աստուծոյ տաճարն էք՝ ինչպէս Աստուած ըսաւ. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց մէջ պիտի շրջիմ. անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան: 17 Ուստի ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ զատուեցէ՛ք,- կ՚ըսէ Տէրը:- Անմաքուր բանի մի՛ դպչիք, 18 ու ես պիտի ընդունիմ ձեզ. ես Հայր պիտի ըլլամ ձեզի, ու դուք՝ իմ որդիներս եւ աղջիկներս պիտի ըլլաք,- կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը»: