1 Timothy 1:3-7

Armenian(i) 3 Քեզի աղաչեցի որ Եփեսոս մնաս, երբ ես Մակեդոնիա կ՚երթայի, որպէսզի պատուիրես ոմանց՝ ուրիշ կերպով չսորվեցնել, 4 ո՛չ ալ ուշադրութիւն դարձնել առասպելներու եւ անվերջանալի ազգաբանութիւններու, որոնք կը պատճառեն վէճեր՝ փոխանակ Աստուծոյ հաճելի շինութեան, որ կ՚ըլլայ հաւատքով: 5 Իսկ պատուէրին վախճանը սէրն է՝ բխած սուրբ սիրտէ, բարի խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէ: 6 Ասոնցմէ վրիպելով՝ ոմանք խոտորեցան փուճ խօսքերու մէջ. 7 կ՚ուզեն Օրէնքի վարդապետ ըլլալ, բայց չեն հասկնար ո՛չ ինչ որ կը խօսին, ո՛չ ալ այն բաները՝ որոնց վրայ կը պնդեն: