1 Peter 3:1-7

Armenian(i) 1 Նմանապէս դո՛ւք, կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, որպէսզի եթէ նոյնիսկ ոմանք չանսան խօսքին, շահուին առանց խօսքի՝ կիներուն վարքով, 2 մինչ կը տեսնեն ձեր մաքրակենցաղ ու երկիւղած վարքը: 3 Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դուրսէն՝ մազերու հիւսքերով, ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, 4 հապա ձեր զարդը թող ըլլայ սիրտին ծածուկ մարդը, հեզ եւ հանդարտ հոգիի մը անապականութեամբ, ինչ որ թանկագին է Աստուծոյ առջեւ: 5 Որովհետեւ ժամանակին սուրբ կիներն ալ, որոնք կը յուսային Աստուծոյ, ա՛յսպէս կը զարդարէին իրենք զիրենք՝ հպատակելով իրենց ամուսիններուն, 6 ինչպէս Սառա կը հնազանդէր Աբրահամի՝ տէր կոչելով զայն: Դուք անոր զաւակներն էք, քանի բարիք կը գործէք ու չէք վախնար որեւէ սարսափէ: 7 Նմանապէս դո՛ւք, ամուսիննե՛ր, գիտակցելո՛վ բնակեցէք անոնց հետ, պատուելով կիները իբր աւելի տկար անօթներ եւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ, որպէսզի ձեր աղօթքները չընդհատուին: