1 John 3:10-14

Armenian(i) 10 Ասո՛վ բացայայտ կ՚ըլլան Աստուծոյ զաւակներն ու Չարախօսին զաւակները: Ո՛վ որ արդարութիւն չի գործեր՝ Աստուծմէ չէ, ո՛չ ալ ա՛ն՝ որ չի սիրեր իր եղբայրը: 11 Արդարեւ սա՛ է այն պատգամը՝ որ դուք լսեցիք սկիզբէն, որ սիրենք զիրար: 12 Չըլլա՛նք Կայէնի պէս, որ Չարէն էր ու մորթեց իր եղբայրը: Եւ ինչո՞ւ մորթեց զայն. քանի որ իր գործերը չար էին, իսկ իր եղբօր գործերը՝ արդար: 13 Մի՛ զարմանաք, եղբայրնե՛րս, եթէ աշխարհը ատէ ձեզ: 14 Մենք գիտենք թէ անցանք մահէն կեանքի, որովհետեւ կը սիրենք եղբայրները. ա՛ն որ չի սիրեր եղբայրը՝ կը բնակի մահուան մէջ: