1 John 1:5-7

Armenian(i) 5 Եւ սա՛ է այն պատգամը՝ որ լսեցինք իրմէ ու կը հաղորդենք ձեզի, թէ Աստուած լոյս է, եւ անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ: 6 Եթէ ըսենք. «Մենք հաղորդութիւն ունինք անոր հետ», սակայն խաւարի մէջ ընթանանք, կը ստենք ու չենք կիրարկեր ճշմարտութիւնը: 7 Իսկ եթէ լոյսի մէջ ընթանանք, ինչպէս ան լոյսի մէջ է, հաղորդութիւն կ՚ունենանք իրարու հետ, եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի արիւնը կը մաքրէ մեզ ամէն մեղքէ: