Bible verses about "perfectionism" | Armenian

Romans 4:15

15 Որովհետեւ Օրէնքը բարկութիւն կը գործադրէ. քանի որ ուր Օրէնք չկայ, օրինազանցութիւն ալ չկայ:

1 Peter 2:1-25

1 Ուրեմն, թօթափելով ամէն չարամտութիւն եւ ամէն նենգութիւն, կեղծաւորութիւնները, նախանձներն ու բոլոր բամբասանքները,2 նորածին երախաներու պէս տենչացէ՛ք Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին, որպէսզի աճիք անով (մինչեւ փրկութիւնը),3 եթէ համտեսած էք Տէրոջ քաղցր ըլլալը:4 Մօտեցէ՛ք անոր՝ ապրող քարին, որ արդարեւ մարդոցմէ մերժուած է, բայց Աստուծմէ ընտրուած ու պատուական է:5 Դո՛ւք ալ՝ ապրող քարերու պէս՝ կը շինուիք իբր հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, որպէսզի մատուցանէք հոգեւոր զոհեր, Աստուծոյ ընդունելի՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:6 Որովհետեւ Գիրքին մէջ ալ կայ. «Ահա՛ Սիոնի մէջ կը դնեմ ծայրագոյն անկիւնաքար մը, ընտիր ու պատուական, եւ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ բնա՛ւ ամօթահար պիտի չըլլայ»:7 Ուրեմն ձեզի՝ որ կը հաւատաք՝ պատուական է ան, իսկ անհնազանդներուն համար՝ «այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը,8 ու սայթաքումի քար եւ գայթակղութեան ժայռ» անոնց՝ որ խօսքին անհնազանդ ըլլալով կը գայթին, որուն համար ալ որոշուած էին:9 Բայց դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն մը, սուրբ ազգ մը, սեփական ժողովուրդ մը, որպէսզի հռչակէք առաքինութիւնները անո՛ր՝ որ կանչեց ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին:10 Ժամանակին ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք:11 Սիրելինե՛ր, կ՚աղաչե՛մ ձեզի, պանդուխտներու եւ գաղթականներու պէս՝ ե՛տ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք կը մարտնչին անձին դէմ:12 Պարկե՛շտ վարք ունեցէք հեթանոսներուն մէջ, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, այցելութեան օրը փառաւորեն Աստուած՝ տեսնելով ձեր բարի գործերը:13 Ուստի հպատակեցէ՛ք ամէն մարդկային հաստատութեան՝ Տէրոջ համար. ըլլա՛յ թագաւորին՝ որպէս բարձրագոյնին,14 ըլլա՛յ կառավարիչներուն՝ որպէս անոր կողմէն ղրկուածներու, վրէժ առնելու չարագործներէն եւ գովելու բարեգործները:15 Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է որ պապանձեցնէք անմիտ մարդոց անգիտութիւնը՝ բարիք գործելով,16 ըլլալով ազատ բայց գործածելով ձեր ազատութիւնը ո՛չ թէ որպէս չարամտութեան ծածկոց, հապա՝ իբր Աստուծոյ ծառաներ:17 Պատուեցէ՛ք բոլորը. սիրեցէ՛ք եղբայրները. վախցէ՛ք Աստուծմէ. պատուեցէ՛ք թագաւորը:18 Ծառանե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր տէրերուն ամբողջ երկիւղածութեամբ. ո՛չ միայն բարիներուն եւ ազնիւներուն, այլ նաեւ կամակորներուն:19 Քանի որ եթէ մէկը՝ Աստուծոյ հանդէպ բարի խղճմտանքով՝ տոկայ անիրաւօրէն չարչարուելու տրտմութեան, ասիկա շնո՛րհք մըն է:20 Արդարեւ գովեստի արժանի ի՞նչ կայ, եթէ տոկաք՝ մինչ կը կռփահարուիք մեղանչած ըլլալով: Բայց եթէ տոկաք՝ մինչ կը չարչարուիք բարիք գործած ըլլալով, ասիկա շնո՛րհք մըն է Աստուծոյ քով:21 Քանի որ դուք կանչուեցաք այս բանին համար, որովհետեւ Քրիստո՛ս ալ չարչարուեցաւ ձեզի համար եւ օրինակ թողուց ձեզի՝ որպէսզի հետեւիք իր հետքերուն:22 Ան մեղք չգործեց, ո՛չ ալ նենգութիւն գտնուեցաւ անոր բերանին մէջ:23 Երբ կը հեգնուէր, փոխարէնը չէր հեգներ. կը չարչարուէր, բայց չէր սպառնար, հապա կը յանձնէր ինքզինք արդարութեամբ դատողին:24 Ի՛նք քաւեց մեր մեղքերը խաչափայտին վրայ՝ իր մարմինով, որպէսզի՝ զերծ ըլլալով մեղքէն՝ ապրինք արդարութեան համար: Դուք անոր վէրքերո՛վ բժշկուեցաք.25 որովհետեւ մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա վերադարձաք ձեր անձերուն Հովիւին եւ Տեսուչին:

Luke 16:15

15 Եւ ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք էք որ մարդոց առջեւ կ՚արդարացնէք դուք ձեզ, բայց Աստուած գիտէ՛ ձեր սիրտերը. որովհետեւ մարդոց մէջ բարձր գնահատուածը՝ գարշելի է Աստուծոյ առջեւ:

1 Corinthians 2:1-16

1 Ու ես, եղբայրնե՛ր, երբ եկայ ձեզի, չեկայ խօսքի կամ իմաստութեան գերազանցութեամբ՝ հռչակելու ձեզի Աստուծոյ վկայութիւնը.2 որովհետեւ որոշեցի ուրիշ որեւէ բան չգիտնալ ձեր մէջ, բայց միայն Յիսուս Քրիստոսը, եւ զայն՝ խաչուած:3 Ես ձեզի հետ եղայ տկարութեամբ, ահով ու շատ դողով.4 եւ իմ խօսքս ու քարոզութիւնս՝ ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան համոզիչ խօսքերով էին, հապա՝ Հոգիին եւ զօրութեան ապացոյցով.5 որպէսզի ձեր հաւատքը ըլլայ ո՛չ թէ մարդոց իմաստութեամբ, հապա՝ Աստուծոյ զօրութեամբ:6 Սակայն կատարեալներուն կը խօսինք իմաստութեան մասին. բայց ո՛չ այս աշխարհի, ո՛չ ալ այս աշխարհի ոչնչացող իշխաններուն իմաստութեան մասին,7 հապա՝ Աստուծո՛յ խորհրդաւոր եւ ծածկուած իմաստութեան մասին կը խօսինք, որ Աստուած դարերէն առաջ սահմանեց մեր փառքին համար:8 Այս աշխարհի իշխաններէն ո՛չ մէկը ճանչցաւ զայն. քանի որ եթէ ճանչցած ըլլային, չէին խաչեր փառքի Տէրը:9 Բայց ինչպէս գրուած է. «Աչք չէ տեսեր, ականջ չէ լսեր, ո՛չ ալ մարդու սիրտին մէջ մտեր են այն բաները, որ Աստուած պատրաստած է զինք սիրողներուն»:10 Սակայն Աստուած զանոնք յայտնած է մեզի իր Հոգիով, որովհետեւ Հոգին կը զննէ բոլոր բաները, մինչեւ անգամ Աստուծոյ խորունկ բաները:11 Արդարեւ ո՞վ գիտէ մարդուն բաները, բայց միայն մարդուն հոգին՝ որ իր մէջն է. նոյնպէս ալ ո՛չ մէկը գիտէ Աստուծոյ բաները, այլ միայն Աստուծոյ Հոգին:12 Իսկ մենք ստացանք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին, հապա այն Հոգին՝ որ Աստուծմէ է. որպէսզի մենք գիտնանք այն բաները՝ որ Աստուած շնորհեց մեզի.13 նաեւ անոնց մասին կը խօսինք, ո՛չ թէ այն խօսքերով՝ որ մարդկային իմաստութիւնը կը սորվեցնէ, հապա Հոգիին սորվեցուցածներով, համեմատելով հոգեւոր բաները հոգեւորի հետ:14 Իսկ շնչաւոր մարդը չ՚ընդունիր Աստուծոյ Հոգիին բաները, որովհետեւ անոնք իրեն համար յիմարութիւն են, ո՛չ ալ կրնայ հասկնալ, քանի որ կը զննուին հոգեւոր կերպով:15 Բայց ա՛ն որ հոգեւոր է՝ կը զննէ ամէն բան, սակայն ինք կը զննուի ո՛չ մէկէն:16 Որովհետեւ ո՞վ գիտցաւ Տէրոջ միտքը, որ սորվեցնէ անոր. բայց մենք ունինք Քրիստոսի միտքը:

Galatians 3:3

3 Այդքան անմի՞տ էք. Հոգիով սկսաք, եւ հիմա մարմինո՞վ կ՚աւարտէք:

James 3:2

2 Որովհետեւ բոլորս ալ կը սայթաքինք շատ բաներու մէջ. եթէ մէկը չի սայթաքիր խօսքով՝ կատարեալ մարդ է, կարող՝ սանձելու նաեւ ամբողջ մարմինը:

1 John 1:9

9 Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, ան հաւատարիմ եւ արդար է՝ ներելու մեր մեղքերը, ու մաքրելու մեզ ամէն անիրաւութենէ:

Philippians 3:12-14

12 Ո՛չ թէ ես արդէն ստացած եմ մրցանակը, կամ արդէն կատարեալ եղած եմ. հապա հետամուտ եմ բռնելու զայն, որուն համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէ:13 Եղբայրնե՛ր, ես չեմ սեպեր թէ բռնած եմ: Հապա կ՚ընեմ սա՛ մէկ բանը. մոռցած եմ ետեւի եղածները, եւ կը դիմեմ առջեւի եղածներուն:14 Կը հետապնդեմ նպատակակէտը՝ Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին համար:

Romans 8:1-39

1 Ուրեմն հիմա դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն, որոնք մարմինին համաձայն չեն ընթանար.2 քանի որ կեանքի Հոգիին Օրէնքը՝ Քրիստոս Յիսուսով ազատեց զիս մեղքի եւ մահուան օրէնքէն:3 Արդարեւ ինչ որ Օրէնքը անկարող էր ընել, որովհետեւ մարմինը տկարացուցած էր զայն, Աստուած իրագործեց. իր Որդին ղրկեց՝ մեղանչական մարմինի նմանութեամբ եւ մեղքին պատճառով, ու դատապարտեց մեղքը այդ մարմինին մէջ,4 որպէսզի Օրէնքին արդարութիւնը գործադրուի մեր մէջ՝ որ չենք ընթանար մարմինին համաձայն, այլ՝ Հոգիին:5 Արդարեւ մարմինին համաձայն ապրողները՝ կը մտածեն մարմինին բաները, իսկ Հոգիին համաձայն ապրողները՝ Հոգիին բաները.6 նաեւ մարմնաւոր մտածումը մահ է, իսկ հոգեւոր մտածումը՝ կեանք ու խաղաղութիւն:7 Արդարեւ մարմնաւոր մտածումը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է, քանի Աստուծոյ Օրէնքին չի հպատակիր. մա՛նաւանդ չի կրնար ալ,8 որովհետեւ մարմինին համաձայն ապրողները չեն կրնար հաճեցնել Աստուած:9 Բայց դուք չէք ապրիր մարմինին համաձայն, հապա՝ Հոգիին համաձայն, եթէ իսկապէս Աստուծոյ Հոգին բնակած է ձեր մէջ. իսկ եթէ մէկը Քրիստոսի Հոգին չունի, ինք անորը չէ:10 Սակայն եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է, մարմինը մեռած է մեղքին պատճառով, իսկ Հոգին կեանք կը պարգեւէ արդարութեան պատճառով:11 Ու եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին բնակած է ձեր մէջ, ուրեմն ա՛ն՝ որ մեռելներէն յարուցանեց Քրիստոսը, կեանք պիտի տայ նաեւ ձեր մահկանացու մարմիններուն՝ իր Հոգիով, որ կը բնակի ձեր մէջ:12 Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, պարտական ենք, բայց ո՛չ մարմինին՝ մարմինին համաձայն ապրելու համար:13 Որովհետեւ եթէ մարմինին համաձայն ապրիք՝ պիտի մեռնիք, իսկ եթէ Հոգիով մարմինին գործերը մեռցնէք՝ պիտի ապրիք:14 Արդարեւ բոլոր անոնք որ կ՚առաջնորդուին Աստուծոյ Հոգիով, անո՛նք են Աստուծոյ որդիները.15 քանի որ դուք չստացաք ստրկութեան հոգին՝ դարձեալ վախնալու համար, հապա ստացաք որդեգրութեա՛ն Հոգին, որուն միջոցով կը գոչենք՝՝. «Աբբա՛, Հա՛յր»:16 Նոյնինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ թէ մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք.17 ու եթէ զաւակներ՝ ուրեմն ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդներ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ, որպէսզի եթէ չարչարուինք իրեն հետ, նաեւ փառաւորուինք իրեն հետ:18 Արդարեւ ես այնպէս կը սեպեմ թէ այս ներկայ ժամանակին չարչարանքները՝ արժանի չեն բաղդատուելու գալիք փառքին հետ, որ պիտի յայտնուի մեր մէջ:19 Քանի որ արարածները եռանդուն ակնկալութեամբ կը սպասեն Աստուծոյ որդիներուն յայտնութեան:20 Որովհետեւ արարածները հպատակեցան ունայնութեան, (ո՛չ թէ իրենց կամքով, հապա անոր պատճառով՝ որ հպատակեցուց զիրենք,)21 այն յոյսով՝ որ արարածները իրե՛նք ալ, ազատելով ապականութեան ստրկութենէն, հասնին Աստուծոյ զաւակներուն փառաւոր ազատութեան:22 Քանի որ գիտենք թէ բոլոր արարածները միասին կը հառաչեն ու երկունքի ցաւ կը քաշեն մինչեւ հիմա:23 Եւ ո՛չ միայն անոնք, հապա մե՛նք ալ՝ որ ունինք Հոգիին երախայրիքը, նոյնիսկ մե՛նք մեր մէջ կը հառաչենք՝ սպասելով որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմինին ազատագրութեան:24 Որովհետեւ մենք յոյսով փրկուեցանք. բայց այն յոյսը որ կը տեսնուի՝ յոյս չէ. քանի որ ինչո՞ւ մէկը տակաւին յուսայ այն բանին՝ որ արդէն կը տեսնէ:25 Իսկ եթէ կը յուսանք մեր չտեսած բանին, ա՛լ համբերութեամբ սպասենք անոր:26 Նոյնպէս Հոգին ալ կ՚օգնէ մեր տկարութիւններուն մէջ. քանի որ չենք գիտեր ի՛նչ բանի համար աղօթելու ենք՝ ինչպէս պէտք է. բայց Հոգին ի՛նք կը բարեխօսէ մեզի համար՝ անբարբառ հառաչանքներով:27 Եւ ա՛ն՝ որ կը զննէ սիրտերը, գիտէ Հոգիին ի՛նչ մտածելը, քանի որ կը բարեխօսէ սուրբերուն համար Աստուծոյ կամքին համաձայն:28 Նաեւ գիտենք թէ բոլոր բաները բարիին գործակից կ՚ըլլան անո՛նց՝ որ կը սիրեն Աստուած, անո՛նց՝ որ կանչուած են իր առաջադրութեան համաձայն:29 Որովհետեւ անո՛նք՝ որ նախապէս ճանչցաւ, նաեւ նախասահմանեց՝ կերպարանակից ըլլալու իր Որդիին պատկերին, որպէսզի ան ըլլայ անդրանի՛կը բազմաթիւ եղբայրներու մէջ:30 Եւ անոնք որ նախասահմանեց՝ նաեւ կանչեց, անոնք որ կանչեց՝ նաեւ արդարացուց, եւ անոնք որ արդարացուց՝ նաեւ փառաւորեց:31 Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն մասին. եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ հակառակ է մեզի:32 Ա՛ն՝ որ չխնայեց իր իսկ Որդիին, հապա մատնեց զայն մեր բոլորին համար, ի՞նչպէս անոր հետ նաեւ պիտի չպարգեւէ մեզի բոլոր բաները:33 Ո՞վ պիտի մեղադրէ Աստուծոյ ընտրածները. Աստուա՛ծ է արդարացնողը:34 Ուրեմն ո՞վ է դատապարտողը. Քրիստոս՝ որ մեռաւ, մա՛նաւանդ յարութիւն առաւ եւ Աստուծոյ աջ կողմն է, ա՛ն կը բարեխօսէ մեզի համար:35 Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսի սէրէն. տառապա՞նքը, կամ տագնա՞պը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը:36 (Ինչպէս գրուած է. «Քեզի՛ համար ամբողջ օրը կը մեռցուինք. սպանդանոցի ոչխարի պէս կը սեպուինք»:)37 Նոյնիսկ այս բոլոր բաներուն մէջ աւելի քան յաղթող կ՚ըլլանք անո՛վ՝ որ սիրեց մեզ:38 Որովհետեւ ես համոզուած եմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալիք բաները,39 ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը, ո՛չ ալ ոեւէ ուրիշ արարած պիտի կարենայ զատել մեզ Աստուծոյ սէրէն, որ Քրիստոս Յիսուսով՝ մեր Տէրոջմով է:

1 John 1:8

8 Եթէ ըսենք. «Մենք մեղք մը չունինք», կը խաբենք մենք մեզ, ու ճշմարտութիւն չկայ մեր մէջ:

2 Corinthians 12:9-10

9 Բայց ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի, որովհետեւ իմ զօրութիւնս կ՚իրագործուի տկարութեան մէջ»: Ուրեմն մեծ հաճոյքով պիտի պարծենամ առաւելապէս իմ տկարութիւններո՛վս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը հանգչի իմ վրաս:10 Ուստի կը յօժարիմ տկարութիւններու, արհամարհանքներու, հարկադրանքներու, հալածանքներու եւ տագնապներու՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ տկար եմ՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր եմ:

Topical data is from OpenBible.info, retrieved November 11, 2013, and licensed under a Creative Commons Attribution License.