Bible verses about "oaths" | Armenian

Hebrews 6:16

16 Արդարեւ մարդիկ երդում կ՚ընեն իրենցմէ մեծին վրայ, ու իրենց համար՝ երդո՛ւմը կը հաստատէ ամէն հակաճառութեան աւարտը:

Hebrews 3:18

18 Եւ որո՞նց երդում ըրաւ՝ թէ պիտի չմտնեն իր հանգստավայրը, եթէ ոչ՝ անհնազանդներուն:

Hebrews 7:28

28 Արդարեւ՝ Օրէնքը քահանայապետ կը նշանակէ տկարութիւն ունեցող մարդիկ, բայց երդումին խօսքը՝ որ Օրէնքէն ետք էր՝ Որդի՛ն, որ կատարեալ եղած է յաւիտեան:

Hebrews 7:21

21 իսկ ասիկա՝ երդումով, անո՛ր միջոցով՝ որ ըսաւ իրեն. «Տէրը երդում ըրեր է ու պիտի չզղջայ. “Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ”»,)

Hebrews 6:17

17 Ուստի Աստուած, փափաքելով աւելի ճոխութեամբ ցոյց տալ իր ծրագիրին անփոփոխ ըլլալը խոստումի ժառանգորդներուն, միջնորդեց երդումով մը,

Hebrews 6:13

13 Արդարեւ, երբ Աստուած խոստում ըրաւ Աբրահամի, քանի որ իրմէ մեծը չկար՝ որ երդում ընէր անոր վրայ,

James 5:12

12 Բայց ամէն բանէ առաջ, եղբայրնե՛րս, երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ, ո՛չ երկրի վրայ. ո՛չ ալ ուրիշ որեւէ երդում: Հապա ձեր «այո՛»ն՝ այո՛ ըլլայ, ու «ո՛չ»ը՝ ո՛չ, որպէսզի չիյնաք դատապարտութեան տակ:

Matthew 5:33-37

33 «Լսեր էք դարձեալ թէ ըսուեցաւ նախնիքներուն. “Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա հատուցանէ՛ Տէրոջ ըրած երդումներդ”:34 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Երբե՛ք երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որ Աստուծոյ գահն է,35 ո՛չ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որ Մեծ Թագաւորին քաղաքն է,36 ո՛չ ալ գլուխիդ վրայ երդում ըրէ, որովհետեւ չես կրնար մէ՛կ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել:37 Հապա ձեր խօսքը ըլլայ՝ այո՛ն՝ այո՛, եւ ո՛չը՝ ո՛չ. ասկէ աւելին յառաջ կու գայ Չարէն”»:

Topical data is from OpenBible.info, retrieved November 11, 2013, and licensed under a Creative Commons Attribution License.