Bible verses about "cannabis" | Armenian

Matthew 15:11

11 ո՛չ թէ ինչ որ կը մտնէ բերանը՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ կ՚ելլէ բերանէն՝ անիկա՛ կը պղծէ մարդը»:

Mark 3:24

24 Եթէ թագաւորութիւն մը բաժնուի ինքնիր դէմ՝ այդ թագաւորութիւնը չի կրնար կենալ:

Romans 14:1-23

1 Ընդունեցէ՛ք հաւատքի մէջ տկար եղողը՝ առանց քննադատելու կարծիքները.2 քանի որ մէկը կը հաւատայ թէ ամէն բան կրնայ ուտել, իսկ ուրիշ մը՝ որ տկար է՝ բանջարեղէն կ՚ուտէ:3 Ա՛ն որ կ՚ուտէ՝ թող չանարգէ չուտողը, եւ ա՛ն որ չ՚ուտեր՝ թող չդատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած ընդունած է զայն:4 Դուն ո՞վ ես՝ որ կը դատես ուրիշին ծառան. հաստատուն կենայ կամ իյնայ՝ իր իսկական Տէրոջ համար է: Բայց կանգուն պիտի պահուի, որովհետեւ Աստուած կարող է կանգուն պահել զայն:5 Մէկը կը նկատէ օր մը ուրիշէ մը գերադաս, միւսն ալ կը նկատէ բոլոր օրերը հաւասար. իւրաքանչիւրը լման համոզուած թող ըլլայ իր միտքին մէջ:6 Ա՛ն որ համարում կ՛ընծայէ մէկ օրուան՝ Տէրո՛ջ համար համարում կ՛ընծայէ, իսկ ա՛ն որ համարում չ՚ընծայեր մէկ օրուան, Տէրո՛ջ համար համարում չ՚ընծայեր: Ա՛ն որ կ՚ուտէ՝ Տէրո՛ջ համար կ՚ուտէ, քանի որ Աստուծմէ շնորհակալ կ՚ըլլայ. իսկ ա՛ն որ չ՚ուտեր, Տէրո՛ջ համար չ՚ուտեր, բայց Աստուծմէ շնորհակալ կ՚ըլլայ:7 Արդարեւ մեզմէ ո՛չ մէկը ինքնիրեն համար կ՚ապրի, կամ ինքնիրեն համար կը մեռնի.8 քանի որ եթէ ապրինք՝ Տէրո՛ջ համար կ՚ապրինք, ու եթէ մեռնինք՝ Տէրո՛ջ համար կը մեռնինք: Ուրեմն թէ՛ ապրինք եւ թէ մեռնինք՝ մենք Տէրո՛ջն ենք:9 Որովհետեւ Քրիստոս սա՛ նպատակով մեռաւ ու վերապրեցաւ, որպէսզի Տէր ըլլայ թէ՛ մեռելներուն եւ թէ ողջերուն:10 Իսկ դուն ինչո՞ւ կը դատես եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ կ՚անարգես եղբայրդ, քանի բոլորս ալ պիտի ներկայանանք Քրիստոսի դատարանը:11 Արդարեւ գրուած է. «Ես կ՚ապրի՛մ,- կ՚ըսէ Տէրը.- ամէն ծունկ պիտի կքի իմ առջեւս, եւ ամէն լեզու պիտի դաւանի զիս իբր Աստուած»:12 Ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ՝ ինքնիրեն համար:13 Ուստի ա՛լ չդատենք զիրար. այլ մանաւանդ սա՛ վճռեցէք, որ ո՛չ մէկը սայթաքում կամ գայթակղութիւն դնէ իր եղբօր առջեւ:14 Գիտե՛մ, ու համոզուած եմ Տէր Յիսուսով, թէ ոչի՛նչ ինքնիրմէ պիղծ է. բայց ո՛վ որ պիղծ կը սեպէ որեւէ բան, անո՛ր համար պիղծ է ատիկա:15 Սակայն եթէ եղբայրդ տրտմի կերակուրի համար, ա՛լ սիրով չես ընթանար. քու կերակուրովդ մի՛ կորսնցներ ա՛ն՝ որուն համար Քրիստոս մեռաւ:16 Ուրեմն հայհոյութիւն թող չըլլայ ձեր բարիին համար,17 քանի որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն՝ Սուրբ Հոգիով:18 Արդարեւ ո՛վ որ այս կերպով Քրիստոսի կը ծառայէ՝ Աստուծոյ հաճելի ու մարդոցմէ գնահատուած է:19 Ուրեմն հետամո՛ւտ ըլլանք այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն, եւ այն բաներուն՝ որոնցմով շինութիւն կ՚ըլլայ իրարու:20 Մի՛ քանդէք Աստուծոյ գործը կերակուրի համար: Արդարեւ բոլոր բաները մաքուր են. սակայն գէշ են այն մարդուն համար՝ որ կ՚ուտէ գայթակղեցնելով:21 Լաւ է ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ո՛չ ալ որեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը սայթաքի, կը գայթակղի կամ կը տկարանայ:22 Դուն հաւա՞տք ունիս. քեզի՛ վերապահէ զայն՝ Աստուծոյ առջեւ. երանի՜ անոր, որ չի դատապարտեր ինքզինք անով՝ որ ինք կը գնահատէ՝՝:23 Բայց ա՛ն որ կը տատամսի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, քանի որ հաւատքով չէ որ կ՚ուտէ. արդարեւ ամէն ինչ որ հաւատքով չէ՝ մեղք է:

Hebrews 6:7

7 Որովհետեւ այն երկիրը՝ որ կը խմէ իր վրայ յաճախ եկած անձրեւը, եւ կ՚արտադրէ յարմար բոյսեր անոնց՝ որոնց համար կը մշակուի, օրհնութիւն կը ստանայ Աստուծմէ.

1 Timothy 4:1-6

1 Հոգին յատկապէս կ՚ըսէ թէ վերջին ատենները՝ ոմանք պիտի հեռանան հաւատքէն, ուշադրութիւն դարձնելով մոլորեցուցիչ ոգիներու եւ դեւերու վարդապետութիւններու:2 Կեղծաւորութեամբ սուտ պիտի խօսին, խանձուած խղճմտանք պիտի ունենան,3 պիտի արգիլեն ամուսնանալ ու ետ պիտի պահեն կերակուրներէն, որ Աստուած ստեղծեր է որպէսզի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը գիտցողները շնորհակալութեամբ ընդունին.4 որովհետեւ ամէն ինչ որ Աստուած ստեղծած է՝ բարի է, ու ոչինչ մերժուելու է՝ եթէ ընդունուի շնորհակալութեամբ,5 քանի որ կը սրբացուի Աստուծոյ խօսքով եւ աղօթքով:6 Եթէ թելադրես այս բաները եղբայրներուն, պիտի ըլլաս Յիսուս Քրիստոսի բարի սպասարկու մը, սնած խօսքերով հաւատքին ու բարի վարդապետութեան՝ որուն հետեւեցար:

Revelation 22:1-2

1 Նաեւ ցոյց տուաւ ինծի կեանքի ջուրի գետ մը՝ բիւրեղի պէս փայլուն, որ կը բխէր Աստուծոյ ու Գառնուկին գահէն:2 Այդ քաղաքին՝՝ հրապարակին մէջտեղը, եւ այդ գետին մէկ կողմն ու միւս կողմը կար կեանքի ծառը՝ որ կու տար տասներկու տեսակ պտուղ. ամէն ամիս կու տար իր պտուղը, իսկ ծառին տերեւները ազգերուն բուժումին համար էին:

Romans 13:13-14

13 Վայելչութեա՛մբ ընթանանք, ինչպէս ցերեկ ատեն, ո՛չ թէ զեխութեամբ ու արբեցութեամբ, ո՛չ թէ խառնակ անկողինով եւ ցոփութեամբ, ո՛չ թէ կռիւով ու նախանձով.14 հապա հագէ՛ք Տէր Յիսուս Քրիստոսը, եւ մի՛ մտադրէք մարմինին ցանկութիւնները գոհացնել:

1 Corinthians 6:19-20

19 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինը տաճարն է Սուրբ Հոգիին՝ որ ձեր մէջն է. զայն Աստուծմէ ստացաք, եւ դուք ձեզի չէք պատկանիր,20 քանի որ մեծ գինով մը գնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմինին ու ձեր հոգիին մէջ, որոնք կը պատկանին Աստուծոյ:

Titus 2:1-8

1 Իսկ դուն խօսէ՛ ինչ որ կը պատշաճի ողջամիտ վարդապետութեան:2 Տարեցները թող ըլլան զգաստ, պատկառելի, խոհեմ, եւ ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով ու համբերութեամբ:3 Տարեց կիներն ալ թող վարուին այնպէս՝ ինչպէս կը վայլէ սրբութեան, եւ ըլլան ո՛չ չարախօս, ո՛չ գինեմոլ, հապա՝ բարի բաներ սորվեցնող.4 որպէսզի սորվեցնեն դեռահասակ կիներուն՝ սիրել իրենց ամուսինները, սիրել իրենց զաւակները,5 եւ ըլլալ խոհեմ, մաքրակենցաղ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց ամուսիններուն հպատակ, որ Աստուծոյ խօսքը չհայհոյուի:6 Նոյնպէս յորդորէ՛ երիտասարդները որ ըլլան խոհեմ:7 Ամէն բանի մէջ դուն քեզ ցոյց տուր իբր տիպար՝ բարի գործերու. վարդապետութեան մէջ՝ ցոյց տուր անեղծութիւն, պատկառանք,8 ողջամիտ եւ անպարսաւելի խօսք, որպէսզի հակառակողը ամչնայ՝ մեր մասին չարախօսելիք ոչինչ ունենալով:

1 Peter 4:1-6

1 Ուրեմն, քանի որ Քրիստոս չարչարուեցաւ մեզի համար՝ մարմինով, դո՛ւք ալ զինուեցէք նոյն մտադրութեամբ: Որովհետեւ ա՛ն որ չարչարուած է մարմինով՝ դադրած է մեղանչելէ,2 որպէսզի՝ իր մարմինին մէջ մնացած ժամանակը՝ այլեւս ապրի ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն համաձայն, հապա՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն:3 Որովհետեւ կը բաւէ մեզի գործադրած ըլլալ հեթանոսներուն կամքը՝ մեր կեանքին անցած ժամանակը, երբ կ՚ընթանայինք ցոփութիւններու, ցանկութիւններու, գինեմոլութիւններու, զեխութիւններու, արբեցութիւններու եւ անօրէն կռապաշտութիւններու մէջ:4 Անոնք տարօրինակ կը սեպեն, որ դուք չէք սուրար իրենց հետ դէպի նոյն անառակութեան ծայրայեղութիւնը, ու կը հայհոյեն ձեզի:5 Անոնք հաշիւ պիտի տան անո՛ր՝ որ պատրաստ է դատել ողջերն ու մեռելները.6 քանի որ սա՛ նպատակով մեռելներո՛ւն ալ աւետարանուեցաւ, որպէսզի դատուին մարմինով՝ մարդոց համեմատ, իսկ ապրին հոգիով՝ Աստուծոյ համաձայն:

Ephesians 5:18

18 Մի՛ արբենաք գինիով՝ որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա Հոգիո՛վ լեցուեցէք:

1 Peter 5:8

8 Զգա՛ստ եղէք, արթո՛ւն կեցէք. որովհետեւ ձեր ոսոխը՝ Չարախօսը՝ կը շրջի մռնչող առիւծի պէս, փնտռելով թէ ո՛վ կլլէ:

Topical data is from OpenBible.info, retrieved November 11, 2013, and licensed under a Creative Commons Attribution License.