Luke 2:4-7

Armenian(i) 4 Յովսէփ ալ՝ Գալիլեայէն, Նազարէթ քաղաքէն, բարձրացաւ դէպի Հրէաստան՝ Դաւիթի քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, (քանի ինք Դաւիթի տունէն եւ գերդաստանէն էր,) 5 արձանագրուելու Մարիամի հետ, որ իր նշանածն էր ու յղի էր: 6 Երբ անոնք հոն էին՝ անոր ծնանելու օրերը լրացան. 7 եւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ, խանձարուրով փաթթեց զայն ու մսուրին մէջ պառկեցուց, որովհետեւ իջեւանին մէջ տեղ չկար իրենց: