Hebrews 12:1-3

Armenian(i) 1 Ուստի մե՛նք ալ, քանի որ շրջապատուած ենք ա՛յսչափ շատ վկաներու բազմութեամբ, թօթափե՛նք ամէն ծանրաբեռնում, եւ մեղքը՝ որ դիւրաւ կը պաշարէ մեզ, ու համբերութեա՛մբ վազենք մեզի առաջարկուած մրցարշաւը՝ 2 նայելով Յիսուսի, մեր հաւատքի ռահվիրային եւ իրագործողին. իրեն առաջարկուած ուրախութեան համար՝ ան տոկաց խաչին, արհամարհեց ամօթը, ու բազմեցաւ Աստուծոյ գահին աջ կողմը: 3 Արդարեւ մտածեցէ՛ք անոր մասին, որ տոկաց մեղաւորներուն իրեն դէմ ա՛յսպէս հակաճառելուն, որպէսզի ձեր անձերը չթուլնան ու չպարտասին: