1 John 3:17-19

Armenian(i) 17 Բայց եթէ մէկը՝ որ ունի այս աշխարհի ապրուստը, տեսնելով իր կարօտեալ եղբայրը՝ իր գութը գոցէ անկէ, ի՞նչպէս անոր մէջ Աստուծոյ սէրը բնակած կ՚ըլլայ: 18 Որդեակնե՛րս, սիրե՛նք ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով, հապա՝ գործով եւ ճշմարտութեամբ: 19 Ասո՛վ կը գիտնանք թէ ճշմարտութենէն ենք, ու մեր սիրտերը կը վստահին անոր առջեւ երեւնալու.